«Արմէնփրէս».- Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան մասնագէտները պատրաստ են աջակցելու Հայաստանի COVID19-ի դէմ պայքարին:
Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն Թետրոս Ատհանոմ Հեպրեյեսուս գրառում կատարած է «թուիթ»րի իր էջին վրայ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ հեռաձայնային զրոյցէն ետք:
«Շնորհակալութիւն ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հեռաձայնային զրոյցին եւ COVID19-ի հարցին հետապնդման համար: Մենք քննարկած ենք իրավիճակը Հայաստանէն ներս եւ փոխանցած Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան խորհրդատուութիւնները սահմանափակումներու հարցով: Մեր փորձագէտները պատրաստ են աջակցելու Հայաստանի COVID19-ի դէմ պայքարին», եզրափակած է կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէնը: