Ընթերցանութեան կարեւորութիւնը յաճախ քննարկուած է տարբեր հարթակներու վրայ, տարբեր լսարաններէ ներս, տարբեր անձնաւորութիւններու կողմէ: Բոլորս ալ գիտենք եւ կը կրկնենք «ՊԷՏՔ Է ԳԻՐՔ ԸՆԹԵՐՑԵԼ» լոզունքը:
Ընթերցանութեան կարեւորութեան հակասող կարծիք չկայ կ’ենթադրեմ: Բոլորս ալ ընթերցանութեան կարեւորութիւնը, անոր օգտաշատ անդրադարձը մարդուն մտքին ու հոգիին վրայ, ինչպէս նաեւ ուսումնակրթական կեանքին բերած նպաստը կը շեշտենք: Սակայն այսօրուան սրընթաց աշխարհին մէջ որքանո՞վ հրապուրիչ է ընթերցանութիւնը մեծերուն թէ փոքրերուն համար:
Պսակաձեւ ժահրի համավարակին բերումով մեկուսացման  ենթարկուեցանք: Ամբողջ մարդկութիւնը անխտիր տունը նստաւ, վերարժեւորեց իր չափանիշները, ապրուած, բայց երբեմն չապրուած օրերուն անդրադառնալով, իր հին պատեանէն դուրս բերաւ նախկին մաշած  կարծեցեալ սովորութիւնները, որոնցմէ մէկն էր ընթերցանութիւնը: Մարդկային յարաբերութիւնները, հաւաքական  միջավայրը որքան ալ հաճելի ըլլան, անհատը իր ներաշխարհը պեղելով կաղապարուած դրոյթի մը մէջ, գտաւ զինք լաւագոյնս թարմացնող բալասանը՝ գիրքերու աշխարհին բերած անսահաման,  անկաշկանդ եւ անեզր հաճոյքը:
Այդպէս ալ պիտի ըլլար, քանի որ ընթերցանութիւնը ինքնին մշակոյթ մըն է: Ընթերցանութեան շնորհած բարիքները բազում են, սակայն ներկայ սերունդը որքանո՞վ ձեռնհասութիւն ունի ընկալելու անոր առթած հաճոյքը…:
Ընթերցանութիւնը խթանող բազմաթիւ դրդապատճառներ գոյութիւն ունին։ Յիշենք քանի մը օրինակ.-  ծնողքին գիտակցութիւնը եւ մանուկին ընթերցանութեան մղելու փորձերը, դպրոցին մէջ այս ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները, խաղի միջոցներու որոնումը, ինչպէս նաեւ հաւաքական ընթերցանութեան պահեր տրամադրելն ու կարդացուած գիրքին շուրջ միտքերու փոխանակում կատարելը:
Այս բոլորը նորութիւն չեն բոլորիս համար: Վստահ գէթ այս ձեւերէն մէկուն անդրադարձած է ուսումնակրթական ասպարէզէն ներս գործող որեւէ անհատ:
Բայց իրատես ըլլալու համար, եթէ լուսարձակի տակ առնենք մեր իրականութիւնը եւ դէպի գործնականութիւն ուղղենք մեր քայլերը, որքանո՞վ պիտի կրնանք մեր նպատակին հասնիլ: Սփիւռքի մէջ հայապահպանման մասին կը խօսինք  յաճախ, մեր հիմնական աւանդը արեւմտահայերէնի ճիշդ կիրարկման ուղին պահելն է: Այս ելակէտէն մեկնելով արդէն դժուարութիւնները սկիզբ կ’առնեն: Հալէպի մէջ պատերազմի հետեւանքով բանող գրադարանները նուազեցան: Անոնցմէ մէկը կամ երկուքը, շնորհիւ բազմազան զոհողութիւններու եւ նուիրեալ անձերու, կը գործեն:
Ծնողները իրենց օրապահիկը ապահովելու վազքին մէջ կլանուած, երբեմն առօրեայ մտահոգութիւններով տարուած կրնան այնքան ալ հետեւող չըլլալ: Անշուշտ բացառութիւնները միշտ ալ յարգելի են: Հետեւաբար դպրոցական օղակը յուսալի միակ ճանապարհը կը մնայ:
Աշակերտին համար, սակայն, ձեռնահեռաձայնը անբաժանելի ընկերակից կը մնայ, ուստի կարելի է որդեգրել նորարար ոճով գիրքեր ներկայացնելու միջոցները: Օրինակ հետաքրքրական է ձայնային գիրքերու հարթակը՝ vlume-ը, որ արեւմտահայերէնով ձայնագրուած բազում գիրքեր հասանելի կը դարձնէ բոլորին, այս կացութեան մէջ նոյնիսկ անվճար: Ասոր կողքին կարելի է թերթերու մէջէն կարճ հատուածներ ընթերցելով քիչ-քիչ վարժութեան վերածել ընթերցանութիւնը, ինչպէս նաեւ օգտուիլ համացանցի վրայ pdf տարբերակով հրամցուած  գիրքերէ:
Էականը աշակերտին համար ընթերցումը վարժութեան վերածելն է:
Անհրաժեշտ է ընթերցանութեան հաճոյքը սրսկել նոր սերունդին ուռճացող նկարագիրին մէջ: Նորարարութիւնները միշտ հաճելի են եւ հրապուրիչ, սակայն երբ աւանդական սովորութիւնները շինիչ դեր ունեցած են մարդ անհատի կերտուածքին վրայ, ուրեմն կ’արժէ պահել նաեւ հինը, որուն վրայ պիտի հիմնուի նորօրեայ պատուանդանը:
Յիշենք Լեւոն Շանթի խօսքը. «Գիրքը լոյս է, ուր որ երթայ՝ հետը լոյս կը տանի։ Իրեն քսուող միտքը կայծ կ’առնէ, իրեն շփուող հոգիները բոց կ’առնեն»։ Ուրեմն այդ կայծն ու լոյսը հասանելի դարձնենք նոր սերունդին։
Լուսին Ապաճեան-ՉիլԱբօշեան