«Թերթ».- 10 Մայիսին, Պաշտպանութեան Բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն  մէկուն պահպանութեան տեղամասին,  անյայտ պատճառներով, մահացու հրազէնային վիրաւորում  ստացած է ՊԲ զինծառայող, 2001թ. ծնեալ Սասուն Սուրէնի Մարգարեան:

Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար քննութիւն կը կատարուի: Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը բաժնեկցի կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ մահացած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն ու ծառայակիցներուն: