«Արմէնփրէս».- ՀՀ Բարձր Ճարտարագիտական Արդիւնաբերութեան Նախարարութիւնը առցանց հարթակի վրայ տեղեկատուական եւ բարձր ճարտարագիտական ոլորտի հանրամատչելի կրթական ծրագիր ի գործ կը դնէ, որ կը կոչուի «Edutainment»` «անկաշկանդ ուսուցում»:

Ծրագիրի նպատակն է հանրութեան մօտ զարգացնել իմացութիւնը բարձր ճարտարագիտութեան, անոնց կիրառելիութեամբ, բարձրացնել հետաքրքրութիւնը ճարտարագիտական ոլորտի մասնագիտութիւններուն  եւ ուղղութիւններուն հանդէպ, մանրամասնել, թէ ինչպիսի մասնագիտացութիւններ կան, ինչպիսի պահանջարկ կը վայելեն, ինչ գիտելիքներ եւ հմտութիւններ  կարելի է ունենալ եւ ինչպիսի քայլեր կարելի է ձեռնարկել նպատակներուն հասնելու համար:

Նախագիծի մէջ կը ներկայացուին բազմաբնոյթ թեմաներ բարձր ճարտարագիտական ամենատարբեր ուղղութիւններու եւ մասնագիտութիւններու մասին` առցանց փորձնակ ըլլալու (Internship) կարելիութիւններուն, ինչպէս դառնալ QA  մասնագէտ, մուտք գործել UI/UX-ի աշխարհ, AR/VR ճարտարութիւնը ներկայացնելէն մինչեւ թուային մտածողութիւն,երկրաչափական եւ ծրագրային ապահովում:

 

«Այդ բոլորը պիտի մատուցեն ոլորտի ամենաճանչցուած ու յաջողած ընկերութիւններու ղեկավարներն ու անոնց աշխատակիցները, ճարտարագիտական ոլորտին մէջ ներգրաւուած գործող փորձագէտներ (էքսպերտներ): Իրենց գիտելիքներով, յաջողութեան բանաձեւով կը բաժնեկցին այնպիսի անուանի եւ յաջողած ընկերութիւններու մասնագէտներ, ինչպէս՝ «Earlyone»-ը, «PicsArt»-ը, «Chessify»-ը, «RenderForest»-ը, «Volterman»-ը, այլ առաջատար ընկերութիւններ:

Կարելի եղած չափով պարզ եւ մատչելի կերպով ներկայացնելու համար որպէս ձեւաչափ ընտրուած են տեղեկատուական բնոյթի դասախօսութիւնները, որոնք ուղիղ պիտի հեռարձակուին ՀՀ ԲՏԱ նախարարութեան պաշտօնական դիմատետրի էջով` HTI Armenia: Ուղիղ եթերի աւարտին փորձագէտները պիտի պատասխանեն նաեւ մեկնաբանութիւններուն մէջ գրանցուած հարցերուն: Ընդհանուր տեւողութիւնը նախատեսուած է շուրջ 40 րոպէ, իսկ հետագային տեսանիւթը պիտի տեղադրուի նաեւ նախարարութեան իւթուպեան ալիքին մէջ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: