«Էրմէնիհապեր».- Թուրքիոյ  ընդդիմադիր քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութենէն (HDP-ԺԺԿ) ընտրուած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան հայկական եկեղեցւոյ վրայ կատարուած յարձակման հարցը տեղափոխած է երկրի խորհրդարան:

Ան գրաւոր հարցում  ներկայացուցած է Թուրքիոյ խորհրդարան` ուղղուած ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուին:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ քաղաքացներէն մէկը 8 Մայիսին փորձած էր վառել  Իսթանպուլ քաղաքի Պաքըրքէօյ շրջանի Զեյթինլիք թաղամասի մէջ գտնուող հայկական Ծնունդ Սբ. Աստուածածնի եկեղեցւոյ դուռը, բայց  չէր յաջողած:

Փայլան հանրութեան ուշադրութեան կիզակէտ դարձուցած է, որ դէպքին համար բերման ենթարկուած անձնաւորութիւնը իր խոստովանական ցուցմունքով որպէս իր արարքին պատճառաբանած է  հետեւեալը. «Որովետեւ պսակաձեւ ժահրը ասոնք (հայեր-խմբ․)  բերած են»:

Հայ պատգամաւորն ընդգծած է նաեւ, որ ատելութեան մթնոլորտի պայմաններու տակ Պաքըրքէօյի եւ տարբեր շրջաններու մէջ պարբերաբար եկեղեցիներուն նկատմամբ ոտնձգութիւններ կը կատարուին: Եղած են դէպքեր, երբ ցեղապաշտական, ազգայնամոլական բնոյթի գրութիւններ  տեղ գտած են հայկական եկեղեցիներու պատերուն վրայ:

Այս բոլորը նկատի առնելով Կարօ Փայլան Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուին ուղղած է հետեւեալ հարցերը.

Չէք կարծե՞ր, որ փոքրամասնութիւններու կրօնական հաստատութիւններուն հանդէպ ատելութեան հողին վրայ իրականացուող յարձակումներու վրայ ազդեցութիւն կ’ունենան Թուրքիոյ նախագահի կողմէն գործածուող խօսքերը, ինչպէս օրինակ` «Թուրի աւելցուկ» արտայայտութիւնն է:

Ինչպիսի՞ միջոցներ կը ձեռնարկէք յաճախակի յարձակման ենթարկուող փոքրամասնութիւններուն պատկանող կրօնական հաստատութիւնները պաշտպանելու համար:

Ըստ ինծի` ատելութեան հողին վրայ իրականացուող այս յարձակումները ինչպէս նախապէս, այնպէս ալ հիմա, կ’ուղղորդուին  պետութեան ներսը գտնուող տեսանելի կամ անտեսանելի կեդրոններու կողմէ: Հակառակը կրնա՞ք  պնդել:

Յիշեցնենք, որ Իսթանպուլի ոստիկանութիւնը եկեղեցւոյ տարածքին անվտանգութեան տեսախցիկներուն շնորհիւ յանցագործը յայտնաբերած ու բերման ենթարկած է զինք: Վերջինս իր խոստովանական ցուցմունքով որպէս իր կատարածին պատճառ յայտնած է հետեւեալը. «Որովետեւ պսակաձեւ ժահրը ասոնք (հայերը-խմբ․)  բերած են»:

Իսթանպուլի նահանգապետարանը տեղեկացուցած է, որ յանցագործը ձերբակալուած է, եւ նախաքննութիւնը կը շարունակուի: