«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան»` (ԺԴԿ-HDP) Տիարպեքիրէն ընտրուած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան, մէջբերելով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի խօսքերը, Twitter-ի վրայ հակադարձած է անոնց:

Էրտողան ըսած էր. «Իմ երկրէս այլ երկիրներ արտարժոյթ փախցնողներուն հանդէպ անողոք պիտի ըլլանք»:

Փայլանը պնդած է, որ Փանամա, Մալթա, Մեն կղզի միլիարդաւոր տոլարներ տեղափոխած մարդիկ Էրտողանին մօտ եղող մարդիկ են:

«Եթէ քաջութիւն ունիք, ներկայացուցէք բոլոր փաստաթուղթերը, թէ որոնք  երկրէն արտարժոյթ փախցուցած են, թող ժողովուրդը տեսնէ», յայտնած է Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւորը: