Նախագահ Արմէն Սարգսեան կը շարունակէ հեռավար զրոյցներն ու քննարկումները հայազգի յայտնի գործիչներու ու գործարարներու, տարբեր ոլորտներու մասնագէտներու հետ, որոնք տարբեր երկիրներու եւ ընկերութիւններու մէջ  պսակաձեւ ժահրի համավարակին դէմ պայքարի գծով ներառուած են:

Հանրապետութեան նախագահը հեռավար զրոյց  ունեցած է ամերիկահայ գործարար եւ բարերար Նուպար Աֆէյեանի հետ:

Ամերիկեան Moderna ընկերութիւնը, որուն համահիմնադիրն ու գլխաւոր տնօրէնը Նուպար Աֆէյեանն է, պսակաձեւ ժահրին  դէմ պատուաստանիւթի մշակման ուղղութեամբ գործուն աշխատանքներ կ’իրականացնէ: Քլինիկական փորձարկումներուի առաջին փուլով  ի յայտ եկած են նախնական տուեալները:

Նուպար Աֆէյեան նախագահ Սարգսեանին տեղեկացուցած է, յայտնելով, որ պատուաստանիւթի փորձարկումներու առաջին փուլը յաջողութեամբ  անցած է: Նախագահ Սարգսեանը յաջողութիւն  մաղթած է Նուպար Աֆէյեանին իր ձեռնարկներուն մէջ` ակնկալելով, որ փորձի ու գիտելիքի համադրութիւնը  դրական արդիւնքներու կը յանգի:

Հանրապետութեան նախագահն ու ամերիկահայ գործարարը միտքեր  փոխանակած են նաեւ Հայաստանի մէջ համավարակին հետ կապուած իրավիճակին եւ անոր հետեւանքներուն յաղթահարման կարելիութիւններուն եւ ուղիներուն շուրջ: Նախագահը ընդգծած է միատեղ ուժերով իրավիճակը յաղթահարելու կարեւորութեան` դիտել տալով, որ այս նոր փորձութենէն միայն միասնական ջանքերով  կարելի է դուրս գալ: