Երկուշաբթի, 25 Մայիս 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Հալէպ-Հասիչէ միջազգային ճամբան բանիլ պիտի սկսի Երեքշաբթի, 26 Մայիս 2020-էն սկսեալ։ «M4» կոչուած միջազգային ճամբան սկիզբ կ’առնէ իրաքեան սահմաններէն, անցնելով Գամիշլիէն, Հասիչէի Թալ Թամր գիւղէն, Այն Իսա գիւղէն, ետքը Մունպուճէն, հասնելով մինչեւ Հալէպ։

ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը յայտնեց, որ սուրիական բանակը ազատագրեց միջազգային այս ճամբան՝ թրքական բանակին իրարայաջորդ թափանցումներուն կասեցումէն եւ Հասիչէի, Ռաքքայի եւ Հալէպի հիւսիս-արեւելեան շրջանին մէջ սուրիական բանակի վերահսկողութեան կեդրոններուն ընդլայնումէն ետք։