Կիրակի, 31 Մայիս 2020-ին, երկուքուկէս ամսուան յետաձգումէ ետք, Սուրիոյ համալսարանները եւ ուսումնարանները վերաբացուեցան եւ վերսկսան 2019-2020 ուսումնական տարեշրջանի առաջին կիսամեակի աւարտին չամբողջացած քննութիւններն ու երկրորդ կիսամեակի նախապատրաստութիւնը։

ՍԱՆԱ-ի համաձայն, այսօր Սուրիոյ բոլոր նահանգներուն մէջ համալսարան յաճախող ուսանողներուն ընդհ. թիւը հասաւ 750.000-ի, իսկ քննութիւն յանձնողներունը՝ 130.000-ի։