ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը վաւերացուց Սուրիոյ Մշակոյթի Նախարարութեան ներկայացուցած ծրագիրր, որուն համաձայն, Կիրակի, 31 Մայիս 2020-էն սկսեալ կը վերաբացուին մշակութային կեդրոններն ու թատերասրահները, պայմանաւ, որ իւրաքանչիւր ձեռնարկի ներկայ հանդիսատեսներուն թիւը չանցնի սրահի ընկալման 30%-ին տոկոսը, միաժամանակ ապահովուին համավարակէն նախազգուշացման առողջապահական բոլոր պայմանները։