Սուրիական Խորհրդարանի երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան նախագահ Հաֆէզ ալ Ասատի մահուան 20-րդ տարելիցին առիթով խորհրդարանի նիստին հետեւեալ խօսքը արտասանած է.
««Կը նախընտրեմ պայքար պահանջող դատ մը ժառանգ թուղուլ յաջորդ սերունդներուն, քան՝ վարկաբեկիչ խաղաղութիւն մը»։
Այս խօսքը արտասանած է երկրի ղեկավար Հաֆէզ ալ Ասատը։
Սա դաս մըն է այն բազմաթիւ դասերէն, զորս սորվեցանք զօրավար Հաֆէզ ալ Ասատէն։ Ան եղաւ սուրիացիներուն կամքն ու դիմադրողականութիւնը խորհրդանշող սիւնը։ Մենք նախագահէն ոչ միայն հայրենիքի սէրը ժառանգեցինք, այլեւ ժառանգեցինք պայքարի արժեհամակարգը, բարենորոգչական շարժումին, հոկտեմբերեան պատերազմին, Եփրատի ամբարտակին, ալ Ասատ լիճին եւ հազարաւոր գործարաններու հանրագումարը, սուրիացիներուն բարօր կեանքի ապահովման եւ սուրիացի կնոջ տրուած կարեւոր դերին կողքին։ Փաստօրէն սուրիացի կիներ, տաղամարդոց թեւ թիկունք կանգնելով կառուցեցին սուրիական նոր հասարակութիւնը եւ դաստիարակեցին առողջ սերունդներ։
Սուրիացի կիներ գիտակցեցան, որ նախագահ, զօրավար Հաֆէզ ալ Ասատի զօրակցութեամբ կարելի պիտի ըլլար մեծ իրագործումներու հասնիլ։ Այդ ժամանակաշրջանին՝ հասուն կիներ, թէ դերատի աղջնակներ, արհեստաւորներ, թէ երեսփոխաններ, բոլորն ալ երախտապարտ էին նախագահին՝ իր հեռատեսութեան ու պատասխանատու կեցուածքին համար, որովհետեւ իրենց յառաջընթացը խոչընդոտող բոլոր արգելքները վերացան։
Անոր ժամանակակից ժողովուրդն ու սերունդները վստահեցան նախագահին եւ հետեւեցան իր օրինակին, պահելով Սուրիան իբր անխորտակ բերդ՝ ընդդէմ պարտուողականութեան ու նուաստացումին։
Յարգա՛նք ու մեծարանք նախագահ Հաֆէզ ալ Ասատի յիշատակին՝ իր մահուան 20-րդ տարելիցին առիթով։
Յարգա՛նք ու երախտագիտութիւն երկրի ներկայ ղեկավար Պաշշար ալ Ասատին»։

Դամասկոս, 10 Յունիս 2020