Սուրիոյ բնակչութիւնը տասը տարիէ ի վեր կը փորձէ յաղթահարել բազում դժուարութիւններ: Պատերազմական ծանր պայմաններուն յաջորդեց տնտեսական սուր տագնապը, որ Դամոկլեան սուրի մը պէս կախուած է իւրաքանչիւր քաղաքացիի վիզէն: Ժողովուրդը իր կենցաղային ամենաանհրաժեշտ պէտքերն անգամ կը դժուարանայ ապահովելու:
«Գանձասար» այս իրավիճակը լուսարձակի տակ առնելու համար ժողովուրդի տարբեր խաւերու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումներ ունեցաւ:
Նպարավաճառ Ճորճը վերջերս ծայր առած անտանելի սղաճին հետեւանքով կրած դժուարութիւնները կը բնութագրէ.«Հիմնական դժուարութիւնս այն է, որ  աշխատանքիս որոշ դրամագլուխ մը յատկացուցած եմ եւ  անոր հիման վրայ ապրանք կը վաճառեմ: Ամէն անգամ երբ ապրանք վաճառեմ, յաջորդին աւելի սուղ գինով կը գնեմ: Ծայր առած սղաճին պատճառով  չեմ  կրնար մեծաքանակ ապրանք գնել, երբեմն գնած ապրանքիս գինը ժամէ-ժամ կը փոխուի, անել կացութեան կը մատնուիմ, ո՞ր գինով վաճառեմ, պիտի վնասե՞մ արդեօք, ժամ մը վերջ ի՞նչ պիտի ըլլայ գինը»: Ճորճ իր խանութը չ’ուզեր փակել, որովհետեւ իր հիմնական գործն է եւ սպառողներուն պահանջքը կը բաւարարէ, սակայն սակագիներու անկանոն բարձրացումը զինք անել կացութեան կը մատնէ, քանի որ երբեմն ակնկալուած շահը չ’ապահովեր:
Ճորճին համաձայն ապրանքատեսակ ապահովելը այլ հարց մըն է, որովհետեւ վաճառականները քիչ քանակով կը վաճառեն, ի միտի ունենալով վնաս ընելու կարելիութիւնը: Այս պատճառով է, որ շուկայէն կը պակսին ուտեստեղէնի կարգ մը տեսակներ:
Գալով յաճախորդին մօտեցումին, Ճորճ դիտել կու տայ. «Յաճախորդին հետ այս պայմաններու բերումով  նոր տագնապ մը կը յառաջանայ: Յաճախորդը կու գայ եւ ամէն անգամ տարբեր գին տեսնելով կը սկսի բողոքել: Ի վերջոյ երկու կողմերն ալ իրաւունք ունին»: 
Ան կը հաւատայ, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, յոյսի նշոյլ մը կայ եւ կառավարութիւնը անպայման միջամտութիւն մը պիտի ընէ բարեփոխելու վիճակը, համբերանք պէտք է ունենալ:
Երիտասարդ արհեստաւոր Յովսէփ Չալօղլեան հետեւեալը կը նշէ. «Մեր՝ արհեստաւոր երիտասարդներուս դիմագրաւած  դժուարութիւնները նման են այլ երիտասարդներու դժուարութիւններուն: Մենք այսքան  տարի հոս մնացինք,  աշկերտի հանգամանքէն անցանք վարպետի հանգամանքի, սակայն սղաճին պատճառով կարելիութիւնը չունինք մեր անձնական գործատեղին հիմնելու: Շատ դժուար է խանութ բանալը: Այսքան տարի դժուարութիւններ դիմագրաւելէ ետք ամէն ինչ ձգելով երկրէն չենք կրնար մեկնիլ եւ սկիզբէն սկսիլ: Մենք կը մտածենք, որ տակաւին երիտասարդ ենք, կրնանք մէկ-երկու, կամ աւելի գործ աշխատիլ:  Այս վիճակը անցողակի է, այսպէս չի մնար: Քիչ մը պիտի համբերենք, պիտի դիմանանք: Ամէն ինչ իր հունին մէջ կը մտնէ»:
Յովսէփ իր կարգին լուծումներ որոնելու սկսած է արդէն. «Մեր գործը եւրոպական ապրանքներ զետեղել է շարժակներուն վրայ: Արդէն քանի մը օրէ ի վեր վաճառականներ սկսած են ապրանք չվաճառել, ենթադրելով որ աւելի սուղ գինով կրնան վաճառել քանի մը օր վերջ, քանի որ սուրիկան լիրային գինը ամ. տոլարին դիմաց օրէ օր կը նուազի: Մեր գործը գիւղացիին եւ ցանքին, արդիւնաբերութեան հետ կապուած է:  Ցանքը առաջնահերթութիւն է գիւղացիին համար: Որպէսզի գործը կանգ չառնէ ստիպուեցանք գործածուած ապրանք օգտագործել: Մեզի համար շատ դժուար այսպիսի պայմաններու մէջ աշխատիլը: Ամէն ձեւով կը փորձենք լուծումներ գտնել, գիւղացիին օգնել»: 
Ընտանիքի մը կենցաղային անհրաժեշտ պայմանները բաւարարելուն եւ առողջ միջավայր ստեղծելուն մասին Մելինէ Դաւիթեան, իբրեւ աշխատող մայր հետեւեալը ըսաւ.  «Հայ մայրը միշտ ալ յաջողած է ամէն տեսակի դժուարութիւնները յաղթահարել: 
Պատմութեան ընթացքին միշտ ալ հայ կինը, հայ մայրը իր ընտանիքին եւ իր կողակիցին կողքին եղած է: Ինքնաբաւ եղած է: Պահ մը կը մտաբերեմ, որ  գաղթականութենէն վերապրող մեր ընտանիքները ինչպէ՞ս ապրեցան, արդեօ՞ք աւելի դժուար պայմաններու մէջ չէին»:
Դաւիթեան կը հաւատայ, որ դժուարութիւնները միշտ ալ կան ու պիտի ըլլան, բայց մենք կեանքը պիտի շարունակենք սիրով, աշխատասիրութեամբ եւ գործակցութեամբ: «Այս օրերուն  տնտեսելը առաջնահերթութիւն է: Բոլորս անխտիր աշխատանքի լծուելով, միասին ձեռք-ձեռքի, զիրար բարձրացնելով, միասնակամութեամբ, մեր բարի եւ օրինակելի կեցուածքով  դրական տրամադրութիւն ստեղծենք մեր շրջապատէն ներս», կ’ըսէ ան:  Ապա կ’աւելցնէ. «Շատ աւելի դժուար տագնապներ շրջանցած ենք: Հայ մայրը զոհողութեամբ, աշխատասիրութեամբ միշտ լաւ պատկեր ցոլացուցած է: Իր տան խորհրդապահութիւնը պահած է, պարտաճանաչ եղած է: Մեր երկիրը զինուորական գետնի վրայ յաղթական դուրս եկած է: Այժմ տնտեսական ծանր տագնապ, տնտեսական պատերազմ կը դիմագրաւէ: Մենք չենք կրնար նախկին հանգիստ վիճակին վերադառնալ: Պիտի ընտելանանք, ընտանեօք պիտի աշխատինք, ձեռք-ձեռքի պիտի տանք, պիտի քաջալերենք մեր երիտասարդները, անոնց նոր միտքերը, մեր փորձառութիւնները բաժնեկցելով  այս գաղութը առաջ պիտի մղենք»: 
Ան կը հաւատայ, որ իւրաքանչիւրս  իր ներդրումը պէտք է բերէ այս կացութեան յաղթահարման ծանր բեռէն բան մը վերցնելով. «Անհրաժեշտ է քաջալերել տեղական արտադրութիւնները: Ամէն բան սորվիլ եւ զարկ տալ ձեռային աշխատանքներու, խնայողութիւն ընելու համար: Մենք ցանենք, մենք կարենք, մենք շինենք եւ կը հաւատամ, որ քայլ մը առաջ կրնանք երթալ: Մեր հայրենակիցները, որոնք դուրսը կը գտնուին կրան օգնել մեզի մեր արտադրութիւնները սպառելով նաեւ: Պետութիւնը իր ծրագիրներով եւ աշխատանքներով կը փորձէ ձեռք երկարել ժողովուրդին, բայց մենք ալ մեր կարգին մեր բաժինը բերենք: Այս սղաճին թափ չտանք, չքաջալերենք շահագործող վաճառականները: Նուազեցնենք մեր պահանջքները: Եւ պետութեան հետ գործակցաբար հաւասարակշռութիւնը պահենք: Տան մայրը ինք կը  խնամէ  իր ընտանիքը, հետեւաբար դուրսէն ակնկալութիւն չունենանք: Այս երկրին համար մեր երիտասարդները իրենց արիւնը թափեցին, ունեցանք  նահատակներ, վիրաւորներ, առեւանգեալներ, գաղթողներ: Ինչպէ՞ս կարելի է յուսահատիլ: Դժուարութիւններուն դիմաց տոկալն ու զանոնք դիմագրաւելը մեր նուազագոյն պարտականութիւնն է»:
Տիկ. Մելինէն որպէս մայր կը փորձէ միշտ դրական լիցքով օժտել իր զաւակները. «Որպէս մայր շատ կարեւոր կը նկատեմ մեր զաւակներուն հետ ժամանակ անցնելը, զիրենք քաջալերելը: Անոնք պէտք է համարձակ քայլերով շարունակեն կեանքը:
Այսօր շատ աւելի կարեւոր է ծնողներուն յաւելեալ զոհողութիւնը, իրենց զաւակներուն քաջալերելը: Ես կը վստահիմ հայ մօր կարողութիւններուն»:
Տնտեսական ներկայ տագնապին մասին զրուցեցինք նաեւ քաղաքական վերլուծաբան Սարգիս Գասարճեանին հետ:
Գասարճեան ըսաւ. «Տնտեսական այս պայմանները յաղթահարելը կարելի է սկսիլ հողագործութիւնը զարգացնելով, եթէ  ան ուղղակիօրէն պետական հովանաւորութիւնը վայելող ծրագիր մը ըլլայ: Գիւղատնտեսական արտադրանքը կը բարելաւուի եւ կրնայ հասնիլ այնպիսի մակարդակներու, որոնց լոյսին տակ կարելի կ’ըլլայ զանոնք արտածել եւ օտար դրամանիշ ներմուծել: Ներկայիս  հիմնական հարցը տոլարի յաւելեալ պահանջքին հետեւանքով սուրիական լիրային արժեզրկուիլն է: Ան ինչ որ այսօր մեզի սուղ կը թուի՝ միջազգային մակարդակով բնական կը համարուի: Մեր եկամուտները խղճալի վիճակի հասած են, որովհետեւ սուրիականը իր արժէքը սկսած է կորսնցնել օրէ օր: Ճիշդ լուծումը կարելի եղածին չափ տոլար ձեռք բերելով սուրիական դրամանիշին արժէքը պահելն է: 
«Բնական պայմաններու մէջ երկիր մը տարբեր ձեւերով կրնայ տոլար ձեռք բերել: Սուրիան պատերազմի պատճառով արդէն կորսնցուցած էր շատ մը կարելիութիւններ: Այնուհետեւ վրայ հասաւ պսակաձեւ ժահրին համավարակը, որուն պատճառով  սահմանները փակուեցան, զբօսաշրջութիւնը կանգ առաւ, արտադրութիւնը արդէն շատ յետին սահմաններուն հասած էր, վրայ հասան նաեւ տնտեսական պատիժները, որոնք օղակը աւելի նեղցուցին: Դրամատուներու միջոցաւ դրամական փոխանցումները դադրեցան, ներքին տնտեսական հարցերը եւ այս բոլորը պատճառ հանդիսացան ներկայ իրավիճակի ստեղծման: 
Տնտեսագիտոթեան մէջ շատ պարզ տեսութիւն մը կայ, որ կ’ըսէ արտահանում կը նշանակէ տոլարի վաստկում, իսկ ներմուծում կը նշանակէ տոլարի վնաս: Հետեւաբար կառավարութեան առաջնահերթ քայլը արտահանումը քաջալերելը պէտք է ըլլայ, փոխարէնը՝ ներմուծումը կասեցնելը կամ միայն շատ անհրաժեշտ պարագաներու արտօնելը, որպէսզի երկրին մէջ գտնուող տոլարը կարելի եղածին չափ պահուի: Երկրորդ կարեւոր քայլը գաղթող երիտասարդներուն իրենց երկիր տոլարի ներմուծումը քաջալերելն է: Այսինքն չսահմանուի պետական տոլարին արժէքով որեւէ դրամանիշ մանրել, որովհետեւ այդ արժէքը իսկական գինէն շատ աւելի նուազ ըլլալուն բերումով քաջալերական չէ։ Այս պատճառ կը դառնայ, որ օտար դրամանիշով փոխանցումները դէպի երկիր սահմանափակուին: Այս պատճառով ալ դրամական գանձումները կրնան կատարուիլ ոչ-կանոնաւոր միջոցներով, հետեւաբար կառավարութիւնը կը կորսնցնէ օտար դրամանիշ ստանալու առիթները: Պէտք է հաստատել նաեւ, որ տնտեսական ներկայ դժուարութիւններուն լուծումը քաղաքական է: Պէտք է քաղաքականօրէն լուծումներ գտնել՝ տարբեր երկիրներու հետ վերահաստատել յարաբերութիւններ: Այդ յարաբերութիւնները վերականգնելու ձեւեր որոնել, որովհետեւ տնտեսական ներկայ պայմանները կը պարտադրեն, որ այդ երկիրներէն եւս օգնութիւն ակնկալէ Սուրիան, նամանաւանդ արաբական ծոցի երկիրներէն, որոնք կրնան դրամական մեծ օժանդակութիւն կատարել: 
Ինչ կը վերաբերի ԱՄՆ-ին Սուրիոյ հանդէպ սահմանած «Կայսեր Օրէնք» տնտեսական պատիժներուն, կրնանք ըսել, որ անոնք դրական անդրադարձ կրնան ունենալ Սուրիոյ տնտեսութեան վրայ, եթէ ճիշդ քայլերով կարելի ըլլայ դիմադրել այդ պատիժներուն: Ներքին կարելիութիւններով արտադրութիւնը եւ հողագործութիւնը զարգացնելու ծրագիրը ճիշդ հունի մէջ դնել,  ապա թէ ոչ՝  սահմանուած պատիժները շատ վատ անդրադարձ պիտի ունենան մեր երկրին ու անոր բնակչութեան վրայ: Բնականաբար սկիզբը շատ դժուար պիտի ըլլայ վերոյիշեալ լուծումներուն դիմելը, սակայն եթէ ճշգրիտ ծրագրաւորում ըլլայ, այդ պատիժներէն օգուտ իսկ կրնանք քաղել: Նոյնն էր պարագան Իրանին, Քուպային, որոնք կրցան սահմանուած արտաքին պատիժներուն հետեւանքով  ունենալ իրենց տեղական արտադրութիւնը՝ ճարտարագիտական, բժշկական, գիտական մարզերուն մէջ եւ կարգ մը արտադրութիւններու պարագային համաշխարհային մակարդակով յառաջադէմ դարձան»:
Մեր զրոյցի աւարտին բարեբեր օրեր կը մաղթենք Սուրիոյ ողջ ժողովուրդին, հաւատալով որ իւրաքանչիւր տագնապ կրնայ նաեւ առիթ հանդիսանալ նոր հնարքներու, նոր միջոցներու որոնման:
Լուսին Ապաճեան-ՉիլԱբօշեան