«Էրմէնիհապեր».-Անդրադառնալով այժմ իբրեւ թանգարան գործածուող Պոլսոյ բիւզանդական Ս․ Սոֆիա եկեղեցին մզկիթի վերածելու՝ թրքական իշխանութիւններուն ջանքերուն՝ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան յայտարարեց, որ եթէ նախկին եկեղեցին պիտի վերածուի մզկիթի, ուրեմն անոր մէկ մասն ալ պէտք է դառնայ եկեղեցի, որպէսզի քրիստոնեաները նոյնպէս կարենան հոն կրօնական պաշտամունք կատարել:
Նոյնպիսի յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ նաեւ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Արք. Մաշալեան՝ շեշտելով, որ այսպիսով Ս․ Սոֆիան պիտի դառնայ դարուն եւ մարդկութեան խաղաղութեան խորհրդանիշը։
Նշենք, որ Ս․ Սոֆիան 16-րդ դարուն վերածուած էր մզկիթի, իսկ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութենէն ետք, 1934-ին, անիկա վերածուեցաւ թանգարանի: