Չորեքշաբթի, 17 Յունիս 2020-ին, Լիբանանի Հըզպալլա կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան պատկերասփռուած ճառով մը անդրադարձաւ լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններուն եւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի դէմ ԱՄՆ-ի «Կայսեր Օրէնք» տնտեսական պատիժին, յայտնելով որ ԱՄՆ իր վերջին զէնքը կը գործածէ Սուրիոյ դէմ, իսկ սա կը վկայէ, որ Սուրիա ահաբեկչութեան դէմ իր զինուորական պատերազմը յաղթած է: Նասրալլա վստահեցուց, որ Սուրիոյ դաշնակիցները ինչպէս պատերազմի դաժան տարիներուն նեցուկ կանգնեցան Սուրիոյ եւ մասնակցեցան քաղաքական ու զինուորական պատերազմին, այսօր եւս զօրավիգ պիտի կանգնին տնտեսական պատերազմին դէմ մղած Սուրիոյ պայքարին: Ան դիտել տուաւ, որ ան որ զոհեր տուաւ Սուրիոյ անկախութեան համար բնականաբար պիտի չենթարկուի Իսրայէլի եւ ԱՄՆ-ի եւ թոյլ պիտի չտայ, որ «Կայսեր Օրէնք»ը ընկճէ զինք: Անդրադառնալով Լիբանանի կացութեան, Նասրալլա յայտնեց. «Պէտք է ժողովուրդին արդարացի պահանջները անջատել Դիմադրութիւնը ապազինելու կարգախօսերէն», ապա լիբանանեան կառավարութեան կոչ ուղղեց չ’ենթարկուելու «Կայսեր Օրէնք»ին, շեշտելով, որ եթէ ԱՄՆ շարունակէ լիբանանի ժողովուրդը սովամահ ընելու իր փորձեր, անպատասխան պիտի չմնայ, վստահեցնելով որ Հըզպալլա վտանգաւոր ոճերու պիտի դիմէ:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ երկրին տնտեսական տագնապը եւ յատկապէս լիբանանեան դրամանիշին արժեզրկումը ամերիկեան տոլարի չգոյութեան պատճառով է:
Ան հաստատեց, որ ամերիկեան վարչակարգը, Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը եւ Լիբանանի ամերիկեան դեսպանատունը արգիլած են, որ ամերիկեան տոլար հասնի լիբանանեան շուկայ՝ այն պատճառաբանութեամբ, որ Հըզպալլա այդ տոլարը կը հաւաքէ եւ Սուրիա կ’ուղարկէ:
«Այս իմաստով կոչ կ’ուղղեմ ապահովական կառոյցին, որ հետաքննութիւն բանայ եւ բացայայտէ այն կողմերը, որոնք ամերիկեան տոլարը Լիբանանէն դուրս հանած են», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:
Ան յայտնեց, որ իրենք են, որ լիբանանեան շուկային ամերիկեան տոլար կը հայթայթեն եւ ոչ թէ շուկայէն տոլարը կը հաւաքեն՝ կոչ ուղղելով լիբանանցիներուն տարաձայնութիւններով չտարուելու: