«Թերթ».-Թուրքիոյ Պուրսա նահանգի Քեսթել շրջանի Տուտաքլը, Նարլըտերէ, Կէօլճուք, Սարըքայա, Քայաճըք եւ Աքսու գիւղական բնակավայրերուն մէջ յորդառատ անձրեւը ջրհեղեղներու պատճառ դարձած է, որուն հետեւանքով առնուազն 2 մարդ մահացած է, չորսը կորսուած են:
Դէպի բնակավայրեր տանող ճանապարհները եւ կայանուած մեքենաները ջուրի տակ մնացած են: Դէպքի վայր ժամանած են տարածքային զինուորականութեան 134 աշխատակից եւ փրկարար ծառայութեան 87 աշխատակից:
Յայտնաբերուած է 2 քաղաքացիի դիակ, անոնցմէ մէկը երիտասարդ աղջիկ է: ԵւՉորս մարդ անհետ կորսած կը համարուի:
Դէպքի վայր ժամանած է նաեւ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սօյլուն:
Որոնումի փրկարար աշխատանքները կը շարունակուին: