«Էրմէնիհապեր».-Իսթանպուլի մէջ գործող հայկական «Արաս» հրատարակչութիւնը անգլերենէ թրքերէն թարգմանած եւ հրատարակած է ամերիկահայ Արլեն Ոսկի Աւագեանի «Առիւծ–Կնոջ Ժառանգութիւնը» գիրքը: Թարգմանիչը Մերալ Ճամճըն է, խմբագիրը` հրատարակչութեան տնօրէն Ռոպեր Քոփթաշը:
«Առիւծը» հեղինակի մայրական տատն է` Էլմաս Թութուեան, որ 1915-ին Հայոց Ցեղասպանութենէն մազապուրծ հասած է ԱՄՆ: Ան տարիներ առաջ 1915-ին իր կենաց–մահու պայքարի մանրամասնութիւնները պատմած է թոռնուհիին` Արլենին եւ պատուիրած է պատմել ողջ աշխարհին: Բայց հեղինակը երկար տարիներ որեւէ մէկուն պատմել չէ համարձակած, ոչ ալ հրապարակած է իր ընտանիքի պատմութեան այդ տխուր էջերը, որովհետեւ կ՚ենթադրէր, որ աւելի պիտի օտարանար իրեն համար խորթ ամերիկեան հասարակութեան մէջ:
Տասնամեակներ անց, սակայն, երբ հեղինակին խօսքին համաձայն, իր մեծ մօր եւ սեփական կեանքի պատմութիւնները վերջնականապէս միաձուլուած են, Արլեն գրի առած եւ հրատարակած է Էլմաս Թութուեանի պատմութիւնը: Գիրքը անգլերէնով լոյս տեսած է 1992-ին:
«Երբ 1992-ին լոյս տեսաւ «Առիւծ-Կնոջ Ժառանգութիւնը», այսպիսով ես վերջապէս կատարեցի մեծ մօրս պատմութիւնը աշխարհին պատմելու յանձնառութիւնը: Սակայն հիմա, երբ իր պատմութիւնը կը պատմուի իր ծնած երկրին մէջ, ուրախալի է պարզապէս: Էլմասի պատմութիւնը այս գիրքով կը վերադառնայ իր հայրենիք», կը պատմէ հեղինակը: