«Երկիր».-22 Յունիսին Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի 43-րդ նստաշրջանի ժողովին Հայաստանի նախաձեռնութեամբ առաջադրուած Ցեղասպանութեան կանխարգելում բանաձեւը (Resolution on prevention of genocide) ընդունուեցաւ:
Բանաձեւը, որ աւանդաբար պիտի ներկայացուի Հայաստանի կողմէն, հիմնուած է Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու տրամաբանութեան վրայ: Բանաձեւը կը վերահաստատէ համաձայնութեան այն դրոյթը, որ պատմութեան բոլոր ժամանակաշրջաններուն մէջ ցեղասպանութիւնը մեծ կորուստներ պատճառած է մարդկութեան:
Բանաձեւը համաշխարհային հանրութեան ուշադրութիւնը կը սեւեռէ ցեղասպանութեան յանցագործութեան վտանգի եւ ժամանակակից աշխարհին մէջ այս յանցագործութեան կրկնումը բացառելու գաղափարին վրայ` ընդգծելով այդ սոսկալի յանցագործութեան վերացման ուղղութեամբ պետութիւններու միասնական ջանքերու անհրաժեշտութիւնը:
2020 թուականին Հայաստանի կողմէն ներկայացուած բանաձեւը անգամ մը եւս կը վերահաստատէ գաղափարը, որ անցեալին գործած ցեղասպանութիւններու արդարացումը կամ անոնց ժխտումը կրնան նոր բռնութիւններու յանգեցնել:
Բանաձեւի թարմացուած բնաբանը ներառած է բազմաթիւ նոր դրոյթներ. ի թիւս այլոց, ընդգծուած է այն իրողութիւնը, որ ցեղասպանութեան վտանգ կայ այն երկիրներուն մէջ, ուր զանգուածային կերպով կը խախտուին մարդու հիմնարար իրաւունքներն ու ազատութիւնները, կը թիրախաւորուին եւ հետապնդուին տոհմիկ, ցեղային, ազգային կամ կրօնական փոքրամասնութիւնները: Ուշադրութեան հրաւիրուած է ցեղասպանութեան ազդակները, ինչպիսիք են քաղաքական գործիչներու կողմէն նշուած խումբերուն հանդէպ ատելութեան խօսքի տարածումն ու անոնց իրական կերպարի աղաւաղումը: Նշուած է ազգային, կրօնական եւ տոհմիկ փոքրամասնութիւններու մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութեան ու պատմական յուշարձաններու պահպանման կարեւորութիւնը:
Բանաձեւը կը վերահաստատէ, որ ցեղասպանութեան կանխարգիլման հիմնական տարրերէն է անցեալին մէջ գործուած ցեղասպանութիւններու մասին ուսուցումը եւ զոհերու յիշատակի յարգումը (memorialization), ընդգծուած է անցեալի մէջ գործուած ցեղասպանութիւններուն հետ կապուած վկայութիւններուն ու արխիւային նիւթերուն պահպանման անհրաժեշտութիւնը:
Հայաստանի կողմէն առաջադրուած բանաձեւը կ’արտացոլէ հարցի մասին ժամանակակից աշխարհին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներն ու համահունչ է ՄԱԿ-ի կողմէն նախանշուած գերակայութիւններուն: Այսպէս, անդրադառնալով ՄԱԿ-ի Կայուն զարգացման թիրախներուն` փաստաթուղթը կ’ընդգծ է, որ անոր 4-րդ նպատակը պէտք է իրականացուի նաեւ անցեալի մէջ գործուած ցեղասպանութիւնները ուսուցանելու միջոցով:
Հայաստանի կողմէն ներկայացուած փաստաթուղթը կը բարձրացնէ համամարդկային նշանակութեան հարցեր, կը դատապարտէ կանանց եւ աղջիկներուն հանդէպ ցեղասպան գործողութիւնները եւ անոնց որպէս ցեղասպանութեան գործիք օգտագործելու արարքը:
Բանաձեւը կ’ողջունէ Հայաստանի կողմէն նախաձեռնած «Ընդդէմ Ցեղասպանութեան Կանխարգիլման» երրորդ ընդհանուր ֆորումը, որ տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ 9 Դեկտեմբեր 2018-ին, նուիրուած՝ կրթութեան, մշակոյթի եւ թանգարաններու միջոցով ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման հարցին: Յիշեցնենք, որ 2015 թուականին ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Ժողովը իր 69-րդ նստաշրջանին ընդունեց Հայաստանի կողմէն նախաձեռնած` 9 Դեկտեմբերը «Ցեղասպանութեան Յանցագործութեան Զոհերու Յիշատակի Ու Արժանապատուութեան եւ այդ Յանցագործութեան Կանխարգիլման Միջազգային Օր» հռչակելու բանաձեւը:
Հայաստանի կողմէն ձեռնարկուող այս քայլերը սերտօրէն փոխկապակցուած են Հայոց Ցեղասպանութեան ընդունման եւ անոր ժխտողականութեան դէմ պայքարին, որովհետեւ ցեղասպանութիւններուն եւ մարդկութեան հանդէպ գործած այլ ոճրագործութիւններու կանխարգիլման միջազգային օրակարգի մաս կը կազմեն, որուն հիմնական տարրերն են` անպատժելիութեան դէմ պայքարը, ճշմարտութեան վերականգնումը, ցեղասպանութեան հիմնարար պատճառներու բացայայտումը եւ վաղ կանխարգելման ձեւաչափերու հիմնումը:
Ցեղասպանութեան կանխարգելման բանաձեւը ներկայ պահուն համահեղինակած է մօտ 60 պետութիւն: Համահեղինակութեան համար երկու շաբաթ եւս բաց պիտի մնայ: