Երեքշաբթի, 30 Յունիս 2020-ին, «Շամ Թայմզ» հաղորդեց, որ Սուրիոյ վարչապետ Հուսէյն Արնուս կոչ ուղղեց Սուրիոյ Արդիւնաբերութեան պալատի անդամներուն եւ արդիւնաբերողներուն հանդիպում մը ունենալու՝ խորհրդակցելու համար Սուրիոյ մէջ արդիւնաբերութեան իրավիճակին շուրջ, յատկապէս երկրի տնտեսական եւ ապահովական ներկայ դժուար փուլին:
Հալէպի արդիւնաբերութեան պալատի քարտուղար Ռաաֆաթ Շամմաա «Ուաթան» թերթին յայտնեց, որ վարչապետին եւ արդիւնաբերողներուն միջեւ հանդիպումը նախատեսուած է Չորեքշաբթի, 1 Յուլիս 2020-ին: Շամմաա կարեւոր համարեց այս հանդիպումը, նկատի ունենալով, որ ան տեղի պիտի ունենայ վարչապետին պահանջով:
Շամմաա դիտել տուաւ, որ հանդիպումին ընթացքին կողմերը անդրադարձ պիտի կատարեն ռազմավարական շարք մը նիւթերու, յատկապէս ԱՄՆ-ի տոլարին դիմաց սուրիական լիրայի փոխարժէքին կայութեան պահպանման քայլերուն: