Համաճարակի տնտեսական հետեւանքը դժուարին պայմաններ յառաջացուցած է Հայաստանի շատ շրջաններուն մէջ:

Հայրենակիցներուն ձեռք երկարելը իւրաքանչիւրի պարտքը դարձած է: Յատկապէս նպատակային է տարեցներուն ու, մայրաքաղաքէն հեռու, սահմանամերձ գօտիի մէջ գտնուող ու մեր երկրի սահմաններու պաշտպանութեան մասնակից դարձող սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներուն օգնութիւնը:

Դաշնակցական երիտասարդները  երրորդ ամիսն է, որ  աջակցութեան յատուկ «Միասին Կը Յաղթենք» նախաձեռնութիւնը կ’իրականացնեն: Սկսելով  իրենց  միջոցներով  կը  շարունակեն Դաշնակցութեան արտերկրեայ կառոյցներէն հանգանակուող ու ուղարկուող օժանդակութեան միջոցով: Այս անգամ  ուղին դէպի Սիւնիք է:

Մանրամասնութիւնները` տեսանիւթով: