«Երկիր».-Greek City Times կը յայտնէ, որ աշխարհի մէջ աւելի քան 300 գիտնականներ իրենց մտահոգութիւնը  յայտնած են, Ս. Սոֆիայի կարգավիճակը թանգարանէն մզկիթի վերածելու Թուրքիոյ մտադրութեան շուրջ:

Բաց նամակով բիւզանդական եւ օսմանեան արուեստի ու մշակոյթի գիտնականները յայտարարած են, որ անոնք չեն գրած ի նշան բողոքի այլ մտահոգ են նման մտադրութեան առումով:

Նամակին մէջ, յատկապէս, ըսուած է, որ, ըստ գիտնականներուն, հիմնական հարցը Ս. Սոֆիային թանգարան կամ մզկիթ ըլլալը չէ, այլ անոր պահպանումը ինչպէս որ էր: