ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի հարցերու պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան Tert.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին, անդրադառնալով հարցումին` արդեօք ատրպէյճանական կողմը` սահմանին հրահրած սադրանքէն ետք միջազգային արձագանգը պատշա՞ճ էր, ան ըսաւ.«Քարոզչական պատերազմը բան մըն է, որ իշխանութիւնը միայնակ պէտք չէ ընէ, բոլորս պէտք է ընենք»:

«Այս օրերուն աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ոչ թէ նայիլ, թէ իշխանութիւնը ինչ ըրաւ կամ չըրաւ, անոր օրը կու գայ, այլ նայիլ, թէ մեզմէ իւրաքանչիւրը ինչ ըրաւ եւ արդեօք իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դրաւ այդ նպատակին համար: Պարզ է` տակաւին ընելիք կայ, որովհետեւ այնպէս չէ, որ սա պահ մըն է եւ անցաւ: Ատրպէյճան պատերազմ սանձազերծած է Հայաստանին եւ հայութեան դէմ, եւ հոս բոլորս ընելիք ունինք, եւ նուազագոյնը քարոզչական պատերազմը պիտի չվերջանայ», ըսաւ ան:

Ճշդող հարցումին` պատշաճ միջազգային արձագանգ եղաւ՞, ան պատասխանեց` որոշ իմաստով, այո: «Որոշ պետութիւններ կամ միջազգային կառոյցներ պէտք է արձագանգէին, բայց որ անպայման մեր փափաքածին նման արձագանգեցին, այդպէս չէ, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ լաւ կամ վատ աշխատած են, այլ իրենց շահերէն ինչ կը բխէր: Նկատի ունիմ, օրինակ, ՀԱՊԿ-ի կամ Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու արձագանգները: Այս հարցով միշտ ընելիք ունինք, այս պրագյաին նաեւ աւելի մեծ անհրաժեշտութիւն կայ, որ այդ աշխատանքին նոր թափ տանք, նոր զարկ տանք», ըսաւ ան:
Մանոյեան յայտնեց, որ թէեւ ՀՀ-ն չդիմեց ՀԱՊԿ-ին օգնութեան, բայց տեղեակ պահեց, եւ գլխաւոր քարտուղարը յայտարարութիւն ըրաւ, բայց միաժամանակ ՀԱՊԿ-ի անդամ թրքական երկիրներու խորհուրդի անդամ պետութիւններ կան, որ հասկնալի է, թէ ինչու աւելի ուժեղ յայտարարութիւն չեղաւ, բայց Հայաստան օգնութեան համար չէ դիմած ու լաւ ըրած է, պէտք չունէինք:
Իսկ, թէ ինչ աշխատանքներ տարաւ Հայ Դատի գրասենեակը, ան դիտել տուաւ, որ աշխատանքները տակաւին չեն վերջացած, արդիւնքներ գրանցելը ընթացքի մէջ է: «Օրինակ` այսօր ԱՄՆ քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատը պիտի քննարկէ Ատրպէյճանին նախատեսուած ռազմական օժանդակութեան հարցը, նաեւ հանրային կարծիքին համար կազմակերպուեցան բազմաթիւ ցոյցեր, որոնք այսօր ալ պիտի շարունակուին: Այսօր Լոս Անճըլըսի մէջ նախատեսուած ցոյց կայ ատրպէյճանական հիւպատոսարանին դիմաց, եթէ լրատուամիջոցները նոյնիսկ չարձագանգեն, առնուազն կ'անդրադառնան մանաւանդ նկատի առնելով ատրպէճանցիներուն բռնութիւնները ցոյցերու ընթացքին», ըսաւ ան:
Մանոյեան յայտնեց, որ ասոնք աւելի հրապարակային ձեռնարկներ են, կան նաեւ քաղաքական շրջանակներուն հետ յարաբերութիւններ, Աւստրալիայէն մինչեւ Լաթին Ամերիկա, մինչեւ Քանատա եւ եւրոպական շարք մը երկիրներ: Անոր խօսքով` այդտեղ եւս Հայ Դատի Յանձնախումբերը ունեցած են իրենց կարեւոր դերակատարութիւնը, եւ Եւրոխորհրդարանի անդամներ հանդէս եկած են Ատրպէյճանի այս սադրանքները դատապարտելու մօտեցումներով` իրենց իշխանութիւններէն պահանջելով աւելի յստակ կեցուածք որդեգրել այս հարցին առնբութեամբ:
Անդրադառնալով դեսպանատներու աշխատանքներուն` ան ըսաւ. «Ես գրեթէ չեմ լսած որեւէ դեսպանատան մասին, որ պատշաճ աշխատանք չէ տարած, բացառութեամբ մէկ-երկուքին, հիմա չեմ յայտներ, թէ որոնք են, բայց մենք մեր մտահոգութիւնները պիտի փոխանցենք Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն: Անշուշտ, թերացումներ կան, բայց քննադատութիւններուն պահը հիմա չէ»: