«Ատրպէյճան».-Մոսկուան Երեւանի եւ Պաքուի հետ պիտի քննարկէ հայ-ատրպէյճանական սահմանին զինադադարի ամրապնդման եւ բանակցային հոլովոյթը աշխուժացնելու տարբեր նախաձեռնութիւններ: «Արմէնփրէս»-ի համաձայն, այս մասին 23 Յուլիսին զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:
«Հարցը կը քննարկենք կողմերուն հետ: Յոյս ունինք, որ միջազգային ճամբորդութիւններու սահմանափակումներու վերացումէն ետք առիթ պիտի ստեղծուի մշակելու տագնապի լուծման հետ կապուած հարցերու ամբողջ շրջանակը», նշած է ան:
Զախարովայի համաձայն, ռուսական կողմը կողմերուն «առաւելագոյն զսպուածութեան» կոչ կ՛ուղղէ: Ան նշած է, որ երեք պետութիւնները կը գործակցին դիւանագիտական ուղիներով եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններու միջոցով ` լարուածութիւնը նուազեցնելու համար:
Ան նշած է` զինադադարի դրութեան խախտումները սկսած են նուազիլ, սակայն լարուածութիւնը կը շարունակէ մնալ հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ:
Զախարովան նշած է նաեւ, որ Սերկէյ Լաւրովը արտակարգ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած իր հայ եւ ատրպէյճանցի գործընկերներուն հետ: Այս շաբաթ ան քննարկած է իրավիճակը Մոսկուայի մէջ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի դեսպաններուն հետ: Փոխադարձ գործակցութիւն կ՛իրականացուի Պաշտպանութեան Նախարարութիւններուն միջոցով: