Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի մամուլի պատասխանատու Էլիզապէթ Չուլճեան NEWS.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց.«Աշխոյժ աշխատանք կը տարուի «Ատրպէյճանի մէջ ներքին տեղահանուած անձերու իրավիճակի մասին» ձեւակերպումը ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի իրաւական յանձնաժողովի բանաձեւէն հեռացնելու համար»:
Ըստ անոր` խորհրդարանականներուն հետ աշխատանք կ’իրականացուի բոլոր փուլերուն մէջ` Ներկայացուցիչներու պալատի յանձնաժողովներու քննարկումներէն մինչեւ Ծերակոյտի բանաձեւի հնարաւոր յայտնուիլը կամ նոյնիսկ ընդունուիլը:
«Բանաձեւը Հայաստանի կամ Ղարաբաղի դէմ պատժամիջոցներու տարրեր բան չի պարունակեր եւ չ’ունենար նոյնիսկ ուղիղ քաղաքական հետեւանքներ, սակայն անոր ընդունումը ամէն պարագային անընդունելի է: Անընդունելի է նաեւ, որ ԱՄՆ օրէնսդիր մարմինները տակաւին չեն անդրադարձած Սումկայիթի եւ Պաքուի հայերուն նկատմամբ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն վայրագութիւններու հարցը», աւելցուց մամուլի քարտուղարը: