«Երկիր».-Թրքական կողմի նախաձեռնութեամբ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանին հետ: Այս մասին կը յայտնէ պաշտօնական Ռուսիան, դիտել տալով, որ
Հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանի իրավիճակի սրումին առնչութեամբ տեղի ունեցած է կարծիքներու փոխանակում Անդրկովկասի տիրող իրավիճակին շուրջ:

Վլատիմիր Փութին կարեւոր համարած է խուսափիլ որեւէ գործողութենէ, որ կը խթանէ լարուածութիւնը:

Երկու կողմերը հետաքրքրութիւն յայտնած են հակամարտութեան իրավիճակը բացառապէս խաղաղ ճանապարհով լուծելու՝ բանակցութիւններու միջոցով:

Անոնք պատրաստակամութիւն յայտնած են համակարգելու տարածաշրջանը կայունացնելու ջանքերը: Ղեկավարները նաեւ դիտել տուած են, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան քաղաքական եւ դիւանագիտական կարգաւորումը այլընտրանք չունի միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն հիման վրայ` ի նպաստ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներուն:

Անդրադարձ եղած է նաեւ երկկողմ օրակարգի շարք մը արդիական հարցերուն: Մասնաւորապէս, դրական գնահատական տրուած է գործակցութեան վարակին տարածման դէմ պայքարին եւ որոշում առնուած 1 Օգոստոսէն մասամբ վերսկսիլ կանոնաւոր թռիչքները Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ շարք մը քաղաքներուն միջեւ:

Վլատիմիր Փութին շնորհաւորած է Թուրքիոյ նախագահը եւ թուրք ժողովուրդը `Ատհայի գալիք տօնին առիթով: