«Արմէնփրէս».- Ֆրանսիայի` Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժան-իւ Լը Տրիան` Ազգային ժողովին պատասխանելով պատգամաւոր, Ֆրանսա-Հայաստան պատգամաւորական խումբի նախագահ Ժաք Մարիլոսեանին` 12 Յուլիսին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սկսած սահմանային ընդհարումներու մասին վերաբերեալ հարցումներուն, տարածաշրջանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները շատ մտահոգիչ համարած է բազմաթիւ առումներով: Ֆրանսայի` Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է. «Տարածաշրջանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները շատ մտահոգիչ են բազմաթիւ առումներով: Նախ եւ առաջ, որովհետեւ, 2016թ. Ապրիլի քառօրեայ պատերազմէն ետք սա առաջին անգամն է, որ տեղի ունեցած են այս ծաւալով զինեալ բախումներ, որոնց ընթացքին եղած է 19 զոհ, ընդ որուն, հայերէն մէկը սպանուած է երէկ: Բացի այդ, որովհետեւ սա առաջին անգամն է, որ ընդհարումներ եղած են ոչ թէ Լեռնային Ղարաբաղի շփման գիծին վրայ, ուր անոնք պարբերաբար տեղի կ’ունենան եւ ուր եղած են 2016թ. Ապրիլի պատերազմի բախումները, այլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ միջազգային սահմանին: Եւ, երրորդ պատճառը, որն աւելի կը բարդացնէ իրավիճակը, առողջապահական ճգնաժամն է: Այս երկիրները, եւ յատկապէս Հայաստանը, խիստ տուժած են, եւ այդ ճգնաժամի զոհերը յիշեալ բոլոր ընկերային հետեւանքներով կարելի է պատկերացնել: Ինչպէս գիտէք, Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի պարոն նախագահ, կայ միջնորդական առաքելութիւն` Եւրոպայի Ապահովութեան եւ Համագործակցութեան կազմակերպութեան կողմէն վստահուած Ռուսիոյ, ԱՄՆ-ին եւ Ֆրանսային: Հակառակ այս երեք երկիրներուն համակցութիւնը կրնայ քիչ մը տարօրինակ թուիլ, սակայն համանախագահութիւնը կը գործէ: Եւ մենք հանդէս եկած ենք անհրաժեշտ նախաձեռնութիւններով, արդէն 10 օր է, որպէսզի կարելի ըլլայ հասնիլ հրադադարի, որ գրեթէ կը պահպանուի հոն այս պահուն, եւ որպէսզի ըլլան բանակցութիւններ կողմերուն միջեւ, որովհետեւ չի կրնար ըլլալ ռազմական լուծում: Անհրաժեշտ է գտնել քաղաքական լուծում: Ես կը կարծեմ, որ կարելի է հասնիլ այդ լուծման կամքի ուժ ցուցաբերելով եւ երկու կողմերու ներգրաւումով: Ամէն պարագային, վստահ եղէք, որ Ֆրանսան` որպէս Մինսքի խումբի համանախագահ, ամէն ջանք պիտի գործադրէ հասնելու համար այդ արդիւնքին, որովհետեւ կը կարծեմ` մենք կը լսենք բոլոր կողմերը հասնելու համար կայուն լուծման, նոյնիսկ եթէ ճանապարհը տակաւին երկար ըլլայ»: