«Ասպարէզ».- Հինգշաբթի, 30 Յուլիսին, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէէն պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցաւ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս դեսպան Արմէն Բայբուրդեանի հետ:

Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կեդրոնական կոմիտէի ատենապետ տոքթ. Քարմէն Օհանեան, ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան եւ կազմի անդամ իրաւաբան Լեւոն Կիրակոսեան:
Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին մասնակցողները անդրադարձան 12 Յուլիսին, Հայաստանի սահմանային Տաւուշ շրջանին վրայ Ատրպէյճանի սանձազերծած յարձակումին եւ անոր յաջորդած ատրպէյճանական հակահայ յարձակումներուն եւ արարքներուն՝ սփիւռքեան զանազան համայնքներու դէմ: Հակահայ այս արարքներուն լոյսին տակ արծարծուեցան նաեւ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի հայ համայնքին ապահովութեան վերաբերող հարցեր:
Որոշուեցաւ նման հանդիպումներ ունենալ նաեւ ապագային՝ քննելու համար համայնքին վերաբերող հարցեր: