Երէկ յետմիջօրէին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած հսկայ պայթումին պատճառով Անթիլիասի Մայրավանքը Եւս կրեց նիւթական մեծ վնասներ: Այսպէս, վնասուեցան Մայր տաճարի դռները, ջահերը, պատուհանները, նոյնպէս` վեհարանին, հայագիտական ու մանկավարժական կեդրոններուն, ինչպէս նաեւ «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ վնասներ արձանագրուեցան: