Երեքշաբթի, 4 Օգոստոսի երեկոյեան ուժեղ պայթում մը որոտաց Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ։ Լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ ուժեղ պայթումը տեղի ունեցած է նաւահանգիստի թիւ 12 շտեմարանին մէջ, ուր զետեղուած են պայթուցիկ նիւթեր:

Պայթումին հետեւանքով նախնական տուեալներով մարդկային զոհեր եւ հարիւրաւոր վիրաւորներ արձանագրուած են։

«Ազդակ» օրաթերթի խմբագիր Շահան Գանտահարեան յայտնեց, որ պայթումին հետեւանքով
վնասուած են նաւահանգիստն ու անոր շրջակայքը, ինչպէս նաեւ հեռաւոր շէնքերն ու բնակարանները։

Հայաբնակ Պուրճ Համուտ շրջանը եւս նիւթական վնասներ կրած է։ Բաւական լուրջ վնասներ կրած է ՀՅ Դաշնակցութեան «Շաղզոյեան» կեդրոնը, ուր կը գործեն կուսակցական գրասենեակները, «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրատունը եւ «Վանայ Ձայն» ռատիոկայանը:

Պէյրութի նահանգապետը մայրաքաղաքը աղէտեալ քաղաք յայտարարած է։

Իսկ «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Պէյրութի Ապահովական Խորհուրդի տնօրէնը յայտնած է, որ դէպքը արկած համարելը իրատեսական չէ։