«Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր յղած է Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աունին:
«Խորապէս ցնցուած եմ Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած պայթումին լուրով: Այս ողբերգութիւնը խլեց բազում կեանքեր եւ դարձաւ հսկայական աւերուածութիւններու պատճառ:
Իմ ցաւակցութիւնն ու զօրակցութիւնը կը յայտնեմ Ձեզի եւ եղբայրական Լիբանանի ժողովուրդին: Զոհերու հարազատներուն ու մերձաւորներուն կը մաղթեմ տոկունութիւն եւ ոգիի արիութիւն, իսկ վիրաւորներուն` շուտափոյթ ապաքինում:
Այս ծանր պահուն պատրաստակամ ենք աջակցութիւն ցուցաբերելու եղբայրական Լիբանանին»,ըսուած է նախագահ Սարգսեանի հեռագիրին մէջ: