Շաբաթ 8 Օգոստոս 2020-ին, Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութիւնը հրապարակեց 2019-2020 ուսումնական տարեշրջանի միջնակարգի՝ պրովէի պետական քննութեանց արդիւնքները։
287.814 աշակերտ- աշակերտուհիներ ներկայացան քննութիւններուն, անոնցմէ 197.580-ը՝ 68,65%-ը յաջողեցաւ։ Նախորդ տարուան յաջողութեան տոկոսը 67,37%-էր։
3100/3100 ամբողջական գնահատանիշը ապահովեց 58 աշակերտ՝ 10-ը Դամասկոսէն, 5-ը Դամասկոսի Արուարձանէն, 6-ը Հալէպէն, 7-ը Լաթաքիայէն, 14-ը Թարթուսէն, 10-ր Հասիչէէն, 2-ը Սուէյտայէն, 2-ը հոմսէն, իսկ 2-ր Համայէն։