Սուրիոյ Կրթական Բարձրագոյն Խորհուրդը համալսարանական աշակերտներուն ներկայութեան առնչութեամբ որոշում հրապարակեց: Որոշումին համաձայն 2019-2020 ուսումնական տարեշրջանի երկրորդ կիսամեակին պետական, անձնական, հեռավար համալսարաններու եւ բարձրագոյն ուսման հետեւող աշակերտութեան բացակայութիւնը որպէս արձակուրդ պիտի գրանցուի, որպէսզի անոնք բացակայութեան պարագային օրինական հետեւողականութեան խախտումի հարց չունենան։