.«Ասպարէզ»- Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանապետ Ալեքս Վիանուեւայի կազմակերպութեամբ, «ատրպէյճանաամերիկեան համայնքի մտահոգութիւններ» խորագրուած եւ 12 Օգոստոսին կայանալիք խորհրդաժողովը շրջանիս հայ համայնքին բողոքներուն շնորհիւ ջնջուեցաւ։
Ատրպէյճանական ապաքարոզչութեան փորձին դէմ բողոքողներէն մէկն էր Մոնթեպելլոյի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճեք Հաճինեան, որ ակնարկելով վերջերս հայ երիտասարդ ցուղարարներուն վրայ յարձակած ատպէյճանցիներուն նման առիթ մը ընծայելու ոստիկանապետին որոշումը վիրաւորական նկատելով՝ հրաժարեցաւ ոստիկանապետին Երիտասարդական հիմնարկի վարչութենէն՝ իբրեւ բողոք։