«Էրմէնիհապեր».-Հայաստանի պատմական մայրաքաղաք Անին, որմէ այսօր հայ–թրքական սահմանին` Ախուրեանի արեւմտեան ափին փռուած աւերակներն միայն մնացած են, որոշ այցելուներուն անփոյթ ու անխնամ վերաբերմունքին զոհ դարձած են:
Թրքական լրատուամիջոցները կ’ահազանգեն, որ 2016թ․ ԻՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկուած Անիի պատմական շինութիւններէն մնացած պատերը այսօր այցելուներուն կողմէն անխնայ ներկուած, փորագրուած ու գրոտուած են:
Պատմական այս քաղաքին մէջ յայտնուած որոշ զբօսաշրջիկներ աւելի հանճարեղ ոչինչ գտած են, քան եկեղեցիներու, ամրոցներու ու այլ շինութիւններու` կանգուն մնացած պատերուն սեփական անունները, այցելութեան տարեթիւերը, ամուսինին կամ սիրեցեալին ուղղուած սիրոյ խոստովանութիւնները կաւիճով ու ներկերով գրելը կամ սուր գործիքով փորագրելը:
Միւս կողմէն, այս ամէնը շարք մը սրտցաւ այցելուներուն զայրոյթը բարձրացուցած է: Անոնք պահանջած են մաքրել բոլոր գրառումները ու աւելի խնամքով վերաբերիլ պատմական այս կառոյցներուն: