«Երկիր».-Երիտասարդութեան միջազգային օրը (International Youth Day) կը յիշատակուի ամէն տարի 12 Օգոստոսին` նպատակ ունենալով յիշեցնել երիտասարդներուն դերը խաղաղութեան զարգացման եւ կառուցման մէջ, ինչպէս նաեւ առօրեայ հարցերը, որոնք ծառացած են անոնց դէմ:
17 Դեկտեմբեր 1999-ին սահմանուած է այս օրը՝ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Միութեան կողմէն (54/120 բանաձեւ) երիտասարդութեան հարցերու նախարարներու համաշխարհային համաժողովին առաջարկով, որ տեղի ունեցած է 8-12 Օգոստոս 1998-ին Լիզպոնի մէջ: Առաջին անգամ Երիտասարդութեան միջազգային օրը յիշատակուած էր 12 Օգոստոս 2000-ին:
Համաժողովը առաջարկած է կազմակերպել տօնին նուիրուած քարոզչական նախաձեռնութիւններ` իրազեկութեան բարձրացման համար, յատկապէս երիտասարդներու շրջանին, մինչեւ 2000 թ. Երիտասարդութեան վերաբերող գործողութիւններուն եւ հետագայ ժամանակաշրջանին համաշխարհային ծրագիրին մասին, որ Վեհաժողովի կողմէն ընդունուած է 1995-ին:
Այսօր աշխարհի մէջ մեծ թիւով երիտասարդներ կ’ապրին ` 10-էն մինչեւ 24 տարեկան մօտ 1,8 միլիար երեխայ եւ դեռահաս: 10 երեխայէն մէկը կը գտնուի հակամարտութեան գօտիի մէջ, աւելի քան կէս միլիարը կ’ապրի աղքատութեան մէջ, իսկ անոնցմէ 24 միլիոնը դպրոց չի յաճախեր: Ամէն օր մօտաւորապէս 30 հազար երեխայ կը մահանայ աղքատութենէն: Օրական 7 հազար երիտասարդ կը վարակուի ժահրով: