«Էրմէնիհապեր».-Ներկայիս Թուրքիոյ Աղրը նահանգին մէջ գտնուող հայկական լեռնաշխարհի ամենաբարձր լերան` Արարատի լանջերը թուրք լեռնագնացները աղբավայրի վերածած են:
Լեռնագնացութեան ընթացքին իրենց հետ բարձրացուցած սնունդէն մնացած աղբը լեցուցած են լերան 4200 մ․ բարձրութեան վրայ գտնուող վրանային ճամբարին մէջ:
Թուրք լեռնագնացներէն մէկը տեսանկարահանած եւ ընկերային ցանցի վրայ հրապարակած է այդ պատկերները:
«Եթէ լեռնագնացները այսպէս կ’ընեն,մեր բանը բուրդ է: Ո՞ր համայնքապետարանը կրնայ հաւաքել սա: 2003թ. ես ալ լերան գագաթը բարձրացած էի: Ինչ որ մեզի հետ տարած էինք, ետ բերինք: Դժուար չէ», ահազանգած է լեռնագնացը: Նիւթին արձագանգած է նաեւ թրքական «Sabah» թերթի լրագրողներէն Մեւլեւութ Թեզէլ:
Ան իր սիւնակին մէջ մասնաւորապէս գրած է.
«Անոնք, որոնք տօներուն դաշտավայրերու մէջ աղբ կը թափեն, սովորաբար «տգէտ, անկիրթ» կ’անուանուին: Աղրը (Արարատ) լեռը բարձրացողները կրթուած լեռնագնացներ են»: