Չորեքշաբթի, 19 Օգոստոս 2020-ին, «Գանձասար» հարցազրոյց մը ունեցաւ Սուրիոյ Խորհրդարանի նորընտիր երեսփոխան, իրաւաբան Լիւսի Իսկէնեանի հետ, լուսարձակի տակ առնելով անոր յառաջիկայ ծրագիրները որպէս նորընտիր երեսփոխան: Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցարոյցը.

Գանձասար- Որպէս նորընտիր երեսփոխան եւ որպէս առաջին փորձառութիւն քաղաքական այս դաշտին մէջ գործելու, ի՞նչ նպատակներ կամ ծրագիրներ առաջնահերթութիւն կը համարէք:

Լ.Իսկէնեան- Որպէս Սուրիոյ Խորհրդարանի նորընտիր երեսփոխան պիտի ջանամ համալսարանական հարցերը լուծել, ըլլան անոնք ուսանողական հարցեր, թէ օրէնքներու վերաբերող դժուարութիւններ: Պիտի ջանամ նաեւ հայ թէ տեղացի ուսանողներուն կարիքները ապահովել եւ համալսարանէն ներս անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններու յաղթահարման նպաստել:

Գանձասար- Սուրիոյ մէջ ընդհանրապէս եւ Հալէպի մէջ մասնաւորապէս նկատեցինք մէկէ աւելի կին երեսփոխաններու ընտրուիլը: Ինչպէ՞ս ը գնահատէք այս երեւոյթը։

Լ. Իսկէնեան- Սուրիան միշտ ալ առաջատար եղած է այս իմաստով։ Այս ընտրութիւններուն նկատառելի թիւով կին երեսփոխաններու ներգրաւման երեւոյթը ի պատիւ Պաաս կուսակցութեան թափած ճիգերուն է: Կուսակցութիւնը իր ուղղութեամբ եւ թելադրանքով միշտ կը քաջալերէ եւ կը պնդէ կնոջ ներկայութիւնը տարբեր ասպարէզներու մէջ, մասնաւորապէս խորհրդարանին մէջ, ինչպէս նաեւ կարեւոր կը համարէ երիտասարդ ուժերու ներգրաւումը:

Գանձասար- Սուրիոյ նախագահին ուղերձը նորընտիր խորհրդարանին դիմաց ի՞նչ կարեւոր պատգամներ կ՛ընդգրկէր եւ ինչպիսի՞ պարտաւորութեան տակ կը դնէր երեսփոխանները կամուրջ հանդիսանալու ժողովուրդին եւ գործադիր իշխանութեան միջեւ:

Լ.Իսկէնեան- Նախագահին ուղերձը կարեւոր էր քանի մը առումներով, յատկապէս երբ յայտնեց, որ բոլորս պէտք է յոյսով ապրինք, ներկայ պայմանները ժամանակաւոր են եւ այս վիճակը անպայման պիտի բարելաւուի: Երկրորդ կէտը որ ուշադրութիւնս գրաւեց նախագահին փոքր ձեռնարկութիւններուն կարեւորութիւն տալն էր, որպէս երկրին տնտեսութիւնը շարժող ուժ, հետեւաբար, մենք որպէս երեսփոխաններ պէտք է աշխատինք տարբեր դիւրութիւներ տրամադրելու բոլոր անոնց, որոնք իրենց վնասուած գործատեղիները վերաշխուժացնելու կարիքը ունին եւ դիմած են փոքր ձեռնարկութիւններու բանեցման, ըլլան անոնք նիւթական օգնութիւններով կամ որոշ օրէնքներ բարեփոխելով:

Հարցազրոյցը վարեց
Մարէն Պապեան-Աղայէկեան