«Հորիզոն».-Ֆրանսական «Le Parisien» հեղինակաւոր լրատուամիջոցը, 25 Օգոստոսին անդրադարձած է Ֆրանսայի Տեսին քաղաքին մէջ՝ 24 Յուլիսին հայ խաղաղ ցուցարարներուն վրայ յարձակում կատարած թուրք «Գորշ Գայլեր»ուն մասին, որուն ընթացքին, թրքական դրօշներով տասնեակ զինուած երիտասարդներ նիւթական մեծ վնասներ յարուցած էին: Կան չորս ձեռբակալուածներ, որոնց կազմակերպիչը՝ Ահմէտ Չեթին, 17 Սեպտեմբերին պիտի դատուի քրէական գործով:
Ըստ «Le Parisien» լրատուամիջոցին, թուրք ծայրայեղականներ դատապարտուած են «ատելութիւն հրահրելու» համար, որոնք մօտաւորապէս 100 հոգիով յարձակած են ծագումով հայ ֆրանսացիներու վրայ, որոնք բողոքի խաղաղ ցոյցեր կազմակերպած էին ընդդէմ Ատրպէյճանի սադրանքներուն: Հայ համայնքը երկու բողոքագիր ներկայացուցած է այս իմաստով:
Լրատուամիջոցը կը յայտնէ նաեւ, որ 1915-ի ցեղասպանութենէն ետք, առաջին հայրենազուրկ հայերը 1920-ականներուն, Ազնաւուրի թանկագին երկրէն կը հաստատուին Տեսինի մէջ: Այսօր, 30.000 բնակիչ ունեցող այս քաղաքին 4000-ը ծագումով հայ ֆրանսացիներ են, որոնք ուշադիր կը հետեւին իրենց նախնիներու երկրին ալեկոծուող աշխարհաքաղաքական ցնցումներուն: 24 Յուլիսին, 600 մարդ հաւաքուած էին բողոքի ցոյցերու: Սակայն խաղաղ ձեռնարկը հազիւ սկսած, իրենք զիրենք «Գորշ Գայլեր» համարող թուրք ծայրայեղականներ դանակներով ու երկաթէ ձողերով յարձակած էին խաղաղ ցուցարարներուն վրայ: Ոստիկանութիւնը անմիջապէս միջամտած էր եւ ձերբակալած 4 անձեր: