Երեքշաբթի, 1 Սեպտեմբեր 2020-ին, «Ուաթան Օնլայն» հաղորդեց, որ Սուրիոյ Փոխադրութեան Նախարարութեան համաձայն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Շարիքա Էմիրութենէն օդանաւ մը ժամանեց Դամասկոսի Միջազգային Օդակայան։ Օդանաւը կը փոխադրէր շուրջ 263 սուրիացի քաղաքացիներ։ Յիշենք, որ սուրիական կառավարութիւնը լուրջ աշխատանք տարաւ այլ երկիրներու մէջ մնացող սուրիացի քաղաքացիներուն վերադարձը ապահովելու համար, յատկապէս պաակաձեւ ժահրով վարակուածները, որպէսզի Սուրիա վերադառնան եւ համապատասխան բուժում ստանան։