Չորեքշաբթի, 2 Սեպտեմբերին վարչապետ Հուսէյն Արնուսի գլխաւորութեամբ Սուրիոյ նոր կառավարութեան անդամները սահմանադրական երդում տուին Նախագահ Պաշար ալ Ասատի դիմաց:

Երդման արարողութենէն ետք, կառավարութեան անդամներուն հետ հանդիպման ընթացքին, նախագահ Ասատ ողջունեց կառավարութեան կազմը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց, յայտնելով, որ «Նոր կառավարութիւն կը նշանակէ նոր գաղափարներ ունեցող նոր անդամներ եւ նոր գաղափարներով հին անդամներ: Սա երբեք չի նշանակեր նախկին գաշափարներու տարանջատում կամ անտեսում, այլ արդիւնաւէտ վերաձեւակերպում տեսլականներու եւ ռազմավարութիւններու՝ նոր մեքանիզմներու մշակումով: Այս վերանայումը կարևոր է ոչ միայն զարգացման, այլև դասեր քաղելու համար: Անցեալէն քաղուած դասերը, իրենց դրական եւ բացասական կողմերով, կ’օգնեն պաշտoնատար անձերուն և հաստատութիւններուն կանխատեսել անակնկալները, յատկապէս այսօրուան պայմաններուն մէջ։Կանխատեսելով կարելի է դառնալ նախաձեռնող եւ առաջքը առնել շատ մը ձախաւերութիւններու»։

Նախագահը շեշտեց նաեւ, որ «Երկրին շրջափակումը դիմակայելու ամենակարեւոր միջոցը տեղական արտադրութեան սատար հանդիսանալն է․․․ Պատասխանատուի աշխատանքին յաջողութեան գրաւականը անկեղծութիւնն է»։ ԱՆդրադառնալով սուրիական լրատուամիջոցներուն դերին, նախագահը դիտել տուաւ, որ «Անոնք դրական շրջադարձ ապրեցան ճգնաժամային պայմաններու մէջ, ուստի կառավարութիւնը պէտք է աջակցի անոնց, որպէսզի արդիւնաւէտ իրենց գործը լաւագոյնս կատարեն»։