Սուրիոյ բոլոր նահանգներուն մէջ կրթական տնօրէնութեանց անմիջական հսկողութեամբ տեղի ունեցաւ դպրոցներու հականեխումը, անհրաժեշտ նորոգութիւններու ամբողջացումն ու մաքրութիւնը, որպէսզի վերամուտը սկսի մաքուր եւ ապահով միջավայրի մէջ։
Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութիւնը, իր կարգին, սահմանեց պսակաձեւ ժահրէն նախազգուշանալու անհրաժեշտ բոլոր պայմանները, որոնք պէտք է գործադրուին բոլոր վարժարաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ կարեւոր համարեց աշակերտութեան նախազգուշանալու իմացութեան մակարդակի բարձրացումը, որուն համար թելադրեց պատասխանատուներու ճշդում, որպէսզի կարելի ըլլայ յաճախակիօրէն աշակերտներուն բացատրել եւ գործադրել տալ նախազգուշանալու միջոցները։
Նախարարութիւնը մերթ ընդ մերթ քննութեան պիտի ենթարկէ իւրաքանչիւր վարժարանի պայմանները, որպէսզի սահմանուած օրէնքներ խստիւ յարգուին։