«Ազատ Օր».-ՀՅԴ ­Յու­նաս­տա­նի ­Պա­տա­նե­կան Միու­թեան, 2020-2021 տա­րեշրջա­նի ա­ռա­ջին ժո­ղո­վը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Շա­բաթ ­19 Սեպ­տեմ­բերին, ­Ֆիք­սի «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» եւ ­Գո­քի­նիօ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նէն ներս։

Այս տա­րի տար­բեր պայ­ման­նե­րու տակ պի­տի աշ­խա­տինք հա­մա­ճա­րա­կին պատ­ճա­ռով, պար­տա­ւոր ենք հե­տե­ւիլ պե­տու­թեան կող­մէ յայ­տա­րա­րո­ւած ա­ռող­ջա­պա­հա­կան կա­նոն­նե­րուն։ ­Վա­րիչ մար­մի­նը պա­տա­նի­նե­րուն բաժ­նեց դի­մակ­ներ, ո­րոնց վրայ մեր միու­թեան նշա­նը տպո­ւած է։ ­Պա­տա­նի­նե­րը այս դի­մակ­նե­րը պի­տի գոր­ծա­ծեն ժո­ղով­նե­րուն ըն­թաց­քին։

Գ­նա­հա­տե­լի էր մեր պա­տա­նի­նե­րու մեծ թի­ւով ներ­կա­յու­թիւ­նը եր­կու ա­կումբ­նե­րէն ներս, յայտ­նի էր, որ կա­րօտ­ցած էին միու­թե­նա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն։ ­Վա­րիչ­նե­րը կարգ մը տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին մեր աշ­խա­տանք­նե­րու գծով. ու­րա­խա­լի էր նո­րա­գի­րնե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը։

­Կը մաղ­թենք որ այս տա­րի եւս յա­ջող եւ ա­պա­հով տա­րեշր­ջան մը կը բո­լո­րենք։