«Երկիր».-23 Սեպտեմբերին Հայաստանի արտաքին գործոց  նախարար Զոհրապ Մնացականեան մասնակցեցաւ եւ ելոյթով հանդէս եկաւ դէպի ծով ելք չունեցող զարգացող երկիրներու խումբի` «Համագործակցութիւն Ուղղուած Վիեննայի գործողութիւնների ծրագիրի եւ դէպի ծով ելք չունեցող զարգացող երկիրներու կայուն զարգացման նպատակներու արագ իրականացման» նիւթով նախարարական առցանց հանդիպումին:

Հանդիպումին, որ կը նախագահէր Ղազախիստանի ԱԳ նախարար Մուխտար Թլէուպերտին, կը մասնակցէին ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղար Անթօնիօ Կուտերեշ եւ ՄԱԿ-ի ԳԱ 75-րդ նստաշրջանի նախագահ Վոլքան Պոզքիր, ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ, Առաւել նուազ զարգացած, դէպի ծով ելք չունեցող զարգացող եւ փոքր կղզի զարգացող երկիրներու հարցերով ՄԱԿ-ի բարձր յանձնակատար Ֆեքիտամոելոա Քաթոա Ութոյքամանուին եւ շուրջ երկու տասնեակ երկիրներու ԱԳ նախարարներ ու միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ:

Իր խօսքին մէջ նախարար Մնացականեան շնորհակալութիւն յայտնեց իր ղազախ գործընկեր Մուխտար Թլէուպերտիին ՄԱԿ-ի դէպի ծով ելք չունեցող զարգացող երկիրներու խումբին մէջ Ղազախիստանի արդիւնաւէտ նախագահութեան եւ շատ կարեւոր օրակարգի առաջ մղելու գործով գործադրուած ջանքերուն համար: Նախարարը նաեւ խորին երախտագիտութիւն յայտնեց Միաւցեալ Ազգերու Կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Անթօնիօ Կուտերեշին` դէպի ծով ելք չունեցող զարգացող պետութիւններուն շարունակական աջակցութեան եւ անոնց առնչուող հարցերը մշտապէս վեր առնելուն համար:

ԱԳ նախարար Մնացականեան իր ելոյթով անդրադարձ կատարեց պսակաձեւ ժահրի համավարակի պայմաններով դէպի ծով ելք չունեցող երկիրներուն առջեւ ծառացած նոր մարտահրաւէրներուն` յայտնելով, որ համաշխարհային արգելափակման նախաձեռնութիւններուն մէջ  դէպի ծով ելք չունեցող զարգացող երկրները առերեսուեցան կայուն եւ ներառական աճի աւելի մեծ սահմանափակումներու: Անոնց հասցէագրման եւ դէպի ծով ելք չունեցող երկիրներուն համար համավարակի հետեւանքներուն մեղմացման շուրջ միջազգային գործակցութեամբ ՀՀ ԱԳ նախարարը կարեւոր համարեց Վիեննայի գործողութիւններու ծրագիրը եւ արագ կիրառելու ճանապարհային քարտէզի մեկնարկը:

Եզրափակելով ելոյթը` ԱԳ նախարարը վերահաստատեց Հայաստանի յանձնառութիւնը արդիւնաւէտ բազմակողմանի գործակցութեան` ի աջակցութիւն Վիեննայի գործողութիւններու ծրագիրին եւ վերջինիս արագ կիրառելու ճանապարհային քարտէզի վեց առաջնային ոլորտներուն: