Այն օրը, երբ Հայաստան ու անոր հետ ամբողջ հայութիւնը անխառն հպարտութեամբ կը տօնէին մեր հայրենքի վերանկախացման 29-րդ տարեդարձը, անդին, փոքրիկ Կիպրոսը մեծ փոթորիկ ստեղծեց Եւրոպայի Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին, վեթօ դնելով Պելոռուսիոյ շուրջ 40 իշխանաւորներու դէմ՝ պատժամիջոցներ որդեգրելու բանաձեւին, յայտարարելով, որ նման քայերու մէջ, եւրոպական համայնքը պէտք է ըլլայ հետեւողական եւ պատժամիջոցներ որդեգրէ նաեւ Թուրքիոյ դէմ, նկատի ունենալով Միջերկրականի արեւելեան գօտիին մէջ անոր շահատակութիւններն ու ոտնձգութիւնները: Կիպրոս, 18 Յուլիսին, թուրք պաշտօնատարներու դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու բանաձեւ մը ներկայացուցած է Եւրոպական Միութեան, սակայն մնացած է անպատասխան:

Կիպրոսի բնակչութիւնը Եւրոպական Միութեան երկիրներու ընդհանուր բնակչութեան հազիւ 0.2 առ հարիւրը կը կազմէ. այս միութեան օրէնքներով, նման բանաձեւ չի կրնար որդեգրուիլ, եթէ միաձայնութիւն չգոյանայ: Եւ ահա, պզտլիկ Կիպրոսը, որ կ’ըսէ, թէ Լուկաշենքոյի եւ անոր գործակիցներուն դէմ պատժամիջոցներու գաղափարին դէմ չէ, Կիպրոսը՝ որ բարեկամական կապեր ունի Լուկաշենքոյի թիկունքին կանգնող Ռուսիոյ հետ, եւ սա այն Ռուսիան է, որուն հետ Թուրքիա կը ձեւացնէ բարեկամութիւն եւ մերձաւորութիւն խաղալ՝ ի հեճուկս ՆԱԹՕ-ի իր դաշնակիցներուն (անոնք ալ կը կլլեն թրքական շահատակութիւնները), ահա այս պզտիկ Կիպրոսը սեղանը կը շրջէ, բոլոր հաշիւները տակն ու վրայ կ’ընէ նոյնինքն Եւրոպական Համայնքի ՕՐԷՆՔին ուժով, իր դաշնակիցներուն յիշեցնելով, որ հոն, իրենց քթին տակ կայ օրէնք ու միջազգային սահմաններ ոտնակոխող երկիր մը՝ Էրտողանի Թուրքիան, որուն հանդէպ կրաւորականութիւնը հանդուրժելի չէ:

Միջազգային լրատու-քարոզչական աղբիւները մեղադրական արտայայտութիւններով դիմաւորեցին Կիպրոսի այս կեցուածքը, ԵՄի անդամները մեղադրանքներ շռայլեցին Կիպրոսի հասցէին, մինչեւ իսկ մոռցան որ նոյնինքն Թուքիա մօտաւորապէս կէս դարէ ի վեր գրաւման տակ կը պահէ Կիպրոսի հիւսիսային գօտին, իսկ անոր կարգ մը անդամները հիմա Թուրքիոյ դէմ «տաքցած են», որովհետեւ… քարիւղի-կազի հանքերու պատմութիւն մը փայլատակած է Սեւ ծովուն ու Միջերկրականի կիպրամերձ գօտիին մէջ (չմոռնանք փոքր Լիբանանն ալ, որ ԵՄ անդամ չէ):

Հարցը անպայման հոն չէ, թէ Լուկաշենքօ մը արդա՞րօրէն վերընտրուած է, թէ Արեւմուտքի միաձայն զօրակցութիւնը վայելող անոր մրցակիցը՝ Սվեթլանա Թիխանովսքայա իրաւացի է, երբ կը հաւաստէ, թէ ընտրական կեղծիք տեղի ունեցած է եւ Փութինի դաշնակից Լուկաշենքոն պէտք է տեղի տայ, եւ նոր ընտրութիւններ կազմակերպուին: Հարցը հոն է, որ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարը՝ Նիքոս Խրիստոտուլիս, դիւանագիտութեան զէնքը ճի՛շդ ատենին եւ հատու ձեւով ի գործ դրաւ՝ ի խնդիր Թուրքիոյ դէմ իր երկրի շահերուն եւ իրաւունքին պաշտպանութեան, ձեւով մը ծունկի բերելով եւրոպացի դաշնակիցներու ամբողջ ընտանիքը (անշուշտ շշուկներ կան, թէ ԵՄ կարգ մը անդամներ ալ համաձայն են Կիպրոսի, չեն ցանկար նման խզողական քայլերու դիմել Պելոռուսիոյ, հետեւաբար նաեւ՝ անոր ետին կանգնող Ռուսիոյ դէմ, սակայն այդ մասին բարձրաձայնող չկայ առայժմ):  Կիպրոսի ամէնէն բիրտ քննադատները եղան Լաթվիա եւ Քիթուանիա, որոնք ըսին, թէ այս վեթոյով, Նիկոսիա քաջալեր կը հանդիսանայ ժողովրդավարութեան ոտնակոխման:

Իսկ ո՞վ կը յիշէ ու պիտի յիշեցնէ Թուրքիոյ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ հետեւողական քաղաքականութիւնը, որ կը կիրարկուի միջազգային օրէնքի, մարդկային իրաւունքներու, աշխարհակալական ձգտումներու հետապնդման, ոճրագործ ահաբեկիչներուն զօրակցութեան եւ, մէկ խօսքով՝ քաղաքակրթութեան ու մաշկոյթի բռնաբարման խորագիրներուն տակ: Կիպրոսի այս քայլը պարզապէս նորագոյն ահազանգ մըն է, ուղղուած՝ Եւրոպային ու ամբողջ աշխարհին:

Ի դէպ, Կիպրոսի այս կեցուածքը անակնկալ չէր: Նիկոսիա անցեալ շաբաթ յայտարարած էր, որ վեթօ պիտի դնէ, եթէ թուրքեր եւս պատժամիջոցներու ենթարկելու իր առաջարկը անտեսուի: Վաղը, 12 Հոկտեմբերին, Եւրոպայի նոյն նախարարները դարձեալ ժողովի պիտի նստին, մինչ այդ՝ պիտի փորձեն տարհամոզել Կիպրոսը, սակայն կարելի չէ, պէտք չէ՛ անտեսեն ու փակ-ականջ մնան այս ահազանգին դիմաց: «Հետեւողակա՛ն եղէք», կ’ըսէ անոնց Կիպրոս, այսինքն՝ հրաժարեցէք երկու չափ-երկու կշիռի սնանկացնող ընթացքէն:

Սարգիս Մահսերէճեան