27 Սեպտեմբերին Արցախի սահմաններու ողջ լայնքով Ատրպէյճանի սանձազերծած գործողութիւնները այս անգամ կը տարբերին նախորդ յարձակումներէն իրենց ծրագրաւորումով եւ հեռակայ նպատակներով։ Այս անգամ յարձակումի ծրագրումն ու ղեկավարումը կ’ուղղորդէ Թուրքիան՝ ուղղակի մասնակցելով ե՛ւ իր զինուորականներով , ե՛ւ օդանաւերով։ Ատրպէյճանի օդային հարուածները կը ղեկավարուին թուրք մասնագէտներու կողմէ՝ Էրզրումի եւ Կարսի շրջաններէն։

Ատրպէյճանի իշխանութիւնները իւրովի չկարենալով բանակցութիւններու քաղաքակիրթ միջոցին դիմել,  իրենց հասարակութեան դիմաց արդարանալու եւ երկրի  ներքին հարցերը քողարկելու  համար դարձած են, փաստօրէն, Թուրքիոյ շահերուն սպասարկուները։ Արցախի դէմ զինուորական գործողութիւններու սանձազերծումը այս անգամ, նախօրօք մշակուած թուրք-ատրպէյճանական միատեղ ծրագիր է։

Միջին Արևելքէն, Արեւելեան Միջերկրականէն վերջ, Թուրքիա այս անգամ կը ջանայ ապակայունացնել Հարաւային Կովկասի տարածքը՝ յագուրդ տալու իր փանթուրանիզմի ախորժակներուն։

Լարուածութիւնը Ատրպէյճանի միջոցով փոխադրելով Հարաւային Կովկաս, Թուրքիա կը ջանայ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններ պարտադրել եւ իր ազդեցութիւնը ընդլայնել ինչպէս Միջին Արեւելքի, այնպէս ալ Հարաւային Կովկասի մէջ։

Հայաստանն ու Արցախը այս անգամ կը պատերազմին նաեւ Թուրքիոյ դէմ ։

Այս իրավիճակին լոյսին տակ , ակներեւ են Ատրպէյճանի  ապատեղեկատուական արշաւն ու միջազգային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն Ատրպէյճան մուտքը արգիլելու ճիգերը։ Աւելին․ Չորեքշաբթի, 1 Հոկտեմբերին Արցախի Մարտունի քաղաքին մէջ ատրպէյճանական կողմին օտար լրագրողներու թիրախ դարձնելը եւս միջազգային հանրային կարծիքը իրականութիւններէն զերծ պահելու Ատրպէյճանի ճիգին ցայտուն փաստն է։

Արցախ ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս իր դռները բաց պահած է միջազգային  լրագրողներու դիմաց, յատկապէս անկախ լրագրողներու, որպէսզի անոնք կարելիութիւն ունենան ճշմարտութիւնը արձանագրելու եւ միջազգային հանրութեան իրականութիւնը պարզելու։ Երեւոյթ մը, որ բնականաբար յարձակողապաշտ Ատրպէյճանին զայրոյթը պիտի յառաջացնէր։

Հակառակ այս բոլորին, Հայոց բանակը, իրեն միացող հարիւրաւոր հայ կամաւորներով,սխրանքներ կը գործէ,  կենաց մահու մարտեր կը մղէ ու արիաբար կը զգետնէ թշնամիին մեծաթիւ անօդաչու թռչող սարքերը, հրասայլերը եւ զրահամեքենաները։

Վերջին տուեալներուն համաձայն,  Արցախի բանակը խոցած է Ատրպէյճանի 11 ուղղաթիռ, 4 ինքնաթիռ, 96 անօդաչու թռչող սարք, 184 զրահամեքենայ եւ հրասայլ, մէկ զինուորական օդանաւ, 82 զինուորական ինքնաշարժ եւ 10 զրահափոխադրիչ:

Հայոց բանակը այս յաղթանակը կ՛արձանագրէ թիւով եւ զինուորական կարելիութիւններով զինք գերազանցող Ատրպէյճանի բանակին դէմ, ինչ որ անգամ մը եւս ցոյց կու տայ հայ զինուորներուն մարտունակ ոգին, հնարամտութիւնը եւ հայրենի հողին տէր կանգնելու վճռակամութիւնը։

Միւս կողմէ Հայկական դիւանագիտութիւնն ու Հայ Դատի աշխարհասփիւռ յանձնախումբերը միջազգային հանրութիւնը, իրաւապաշտպան մարմինները իրազեկ պահելով Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ մօտեցումին, խաղաղ բնակչութեան հրթիռակոծումին,  Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դատապարտումը կը պահանջեն։

Հայութիւնը նոր Սարդարապատի դէմ յանդիման կանգնած է։ Պահուն լրջութիւնը կը պահանջէ միասնակամութիւն, սեփական ուժերուն վստահելու կամք ու երկարաշունչ պայքար, որպէսզի հայոց բանակը այս անգամ ոչ միայն ետ մղէ թշնամին, այլեւ խաղաղութիւն պարտադրէ։

«Գ.»