Որպէսզի առարկայական պատկերացում կազմենք, թէ ինչ կը նշանակէ ոչնչացնել Գանձակի օդակայանը, քարտէզով քանի մը փաստի ուշադրութիւն դարձնենք։
🚀 Ատիկա Արցախի սահմանէն ընդամէնը 60,8 քմ հեռու է, ինչ որ կործանիչներուն համար վայրկեաններու հարց է։
👉Ոչնչացնելով այդ օդակայանը՝ հայկական բանակը փաստացի մեր տարածքը ապահովեց թշնամիի օդային յարձակումներուն մէկ փուլէն, անշուշտ, ոչ ամբողջական։
🚀 Գանձակի օդակայանին մէջ տեղակայուած էին թրքական F-16 բազմահարուածային կործանիչները, որոնք աւերիչ հարվածներ կը հասցնեն ՀՀ և Արցախի սահմանամերձ բնակավայրերուն եւ հայկական զինուած ուժերուն։
👉 Ոչնչացնելով այդ օդակայանը՝ հայկական բանակը նախ հաւանաբար ոչնչացուցած է թրքական այդ կործանիչներէն քանի մը հատը, զրկելով զիրենք թռիչքներ իրականացնելու յարմար վայրէն։ Թուրքերը մեր դիրքերուն հարուած հասցնել կարենալու համար այսուհետեւ պէտք է թռիչքներ կատարեն Ատրպէյճանի աւելի հեռաւոր օդանակայաններէն, ինչ որ հայկական օդային պաշտպանական ուժերուն կարելիութիւն կուտայ կողմնորոշուելու և ոչնչացնելու թշնամիին կործանիչները։
🚀 Թրքական F-16 կործանիչներուն թռիչքը կը համակարգուէր Թուրքիոյ պատկանող Կարս քաղաքի ռատարային կայաններէն, քանի որ այդ էր ամենամօտը։
👉 Ոչնչացնելով այդ օդակայանը՝ հայկական բանակը փաստօրէն թուրքերը զրկած է Կարսէն թրքական զինուժի գործողութիւնները համակարգելու կարելիութենէն։

Նայիրի Հոխիկեան