«Մահ ոչ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ՝ անմահութիւն»

Կիրակի, 4 Հոկտեմբեր 2020-ի առաւօտեան Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Եւ Անմահ պատարագ մատուցուեցաւ նախագահութեամբ ճէզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Հոգշ.Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի։

Պատարագը մատուցեց Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանը, ներկայութեամբ ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներու ինչպէս նաեւ Հասիչէի եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ ՍՕԽ-ի «Լոռի» մասնաճիւղի վարչութեան։ Յընթացս պատարագին, հոգեշնորհ հայր սուրբը ընթերցեց Արցախի զօրակցութեան աղօթք։
Օրուան խորհուրդն ու պատգամը փոխանցեց հոգեշնորհ հայր սուրբը, որ յաջորդաբար անդրադարձաւ արցախեան պայքարի յաղթանակներուն։

Ան շեշտեց ըսելով «Եթէ Աստուած մեզի հետ է, որմէ՞ վախնանք», ապա աւելցուց «Մենք արդար կռիւ կը մղենք արդարութիւն հաստատելու: Մենք պիտի յաղթենք մեր միակամ կեցուածքով եւ պայքարի անկոտրում կամքի վճռակամութեամբ։ Արցախեան ազատամարտը տուաւ ազատաբաղձ քաջորդիներու համաստեղութիւն մը. Անոնք բռունցքուեցան եւ այդ ամուր բռունցքով զարկին արնախում ոսոխի գլխին. Քանզի համոզուած էին որ միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն։ Փառք ու պատիւ նահատակներու անմահ յիշատակին ։Անոնք իրենց հայրենանուէր գործով ցմահ կապրին մեր սրտերուն մէջ»։

Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Արցախի Նահատակներու յիշատակին։

Կ՚աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած յաղթական երթ պարգեւէ պատերազմի դաշտին վրայ մարտնչող հայկական բանակին։