Ահաւասիկ աւելի քան մէկ շաբաթէ ի վեր, Ատրպէյճան ամենայն բրտութեամբ կը շարունակէ Արցախի վրայ իր ծաւալուն յարձակումները: Թուրքիա վարագոյրը վար առած է եւ բացայայտ կերպով եւ յոխորտանքով կը յայտարարէ, թէ իր զինուժով ու քարոզչական կարողութիւններով կը կանգնի Ատրպէյճանի կողքին: Քանի մը առիթներով յարձակումները ընդգրկեցին նաեւ Հայաստանի սահմանամերձ ու ներքին շրջանները:
Փաստերու շարանը երկար է: Աւելի՛ն: Թուրք-ազերիական յարձակողականը ռազմադաշտ նետած է Թուրքիոյ կողմէ զինուած, մարզուած ու հովանաւորուած (իսկութեան մէջ Իսլամին հետ կապ չունեցող) «իսլամական» վարձկաններ, որոնք Սուրիայէն, Լիպիայէն եւ, ո՞վ գիտէ, աշխարհի քանի՞երորդ ծագէն Արցախ բերուած են, Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ այլ շրջաններու մէջ թրքական ոտնձգութիւնները Կովկաս տարածելով անսքող քայլերով: Սա պետական ահաբեկչութեան նորագոյն եւ անվարագուրելի փաստն է:
Միջազգային մամուլն ու պետական-քաղաքական շրջանակներ հաստատած են այս իրականութիւնը, բացայայտ կամ ամչկոտ պահանջներ կը դնեն Թուրքիոյ, որպէսզի «կրակին վրայ իւղ չթափէ», տագնապը հեռու պահէ «երրորդ կողմի միջամտութենէն» եւ այլն. արդէն կան դատապարտումի արտայայտութիւններ, ակնարկութիւններ կþըլլան Թուրքիան պատժամիջոցներու ենթարկելու մասին: Թուրք-ազերիական յարձակումները չեն մնացած ճակատային գօտիին մէջ, այլ նաեւ կը հարուածեն արցախեան քաղաքներ, զոհ ու վիրաւոր խլելով անմեղ բնակիչներէն, աւերելով բնակարան ու խանութ:
Թուրքեւազերի դաւը կը փորձէ հասնիլ մաշումի պատերազմի: Արցախցին վճռած է ամուր մնալ իր պատմական հողին վրայ…
* * *
Արցախի բանակն ու անոր կողքին հասած կամաւորական ուժերը սխրալի պաշտպանողական մը կը ցուցաբերեն, հսկայական վնասներ հասցնելով նախայարձակ հրոսակներուն: Հոգ չէ, թէ կարգ մը արտաքին կողմեր ու անոնց բանբերը դարձած մամլոյ աղբիւրներ կը շարունակեն կրկնել, թէ հայկական կողմը «գրաւած» է «Ատրպէյճանի կազմին մէջ եղող հողեր», որովհետեւ Արցախին հայութեան պատկանելիութիւնը, անոր ինքնորոշման իրաւունքը այսօր աւելի՛ ընդունելի է աշխարհին, իսկ միջազգային բոլոր օրէնքներն ու համաձայնութիւնները ոտնակոխող ազերիական նախայարձակումը բացայայտուած է, հետեւաբար, երկու կողմերուն համաչափօրէն խաղաղութիւն քարոզելու յայտարարութիւնները սկսած են… դդումի համ տալ: Եթէ յարձակողականի առաջին ժամերուն, պահ մը այդ «վարկածը» հաւատացողներ ունեցաւ, այսօր արդէն արեւու լոյսին չափ յստակ է, թէ հայկական կողմը լիարժէք կերպով կը կիրարկէ ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ տարրական իրաւունքը, թուրք-ազերիական բանակներն են ՆԱԽԱՅԱՐՁԱԿԸ, հետեւաբար, հայութիւնը կը պահանջէ աշխարհէն, որ իր կեցուածքը սրբագրէ, նախայարձակը եւ ոճրագործը կոչէ իրենց անունով, համապատասխան քայլերու դիմէ անոր դէմ: Դատապարտումն ու պատժամիջոցները բաւարար չեն այլեւս:
Արցախի պաշտպանական մարտերը կը շարունակուին մեծ զոհողութիւններով: Պանծալի նոր էջեր կþարձանագրուին Արցախի Ազատամարտին աւելի քան 30 տարիներու պատմութեան էջերուն, նոր հերոսներ կը ծնին ճակատներուն վրայ, նահատակներ աւելի՛ եւս կը լուսաւորեն ազատատենչ հայութեան երկրակամարը: Այս բոլորին մէջ կþերեւին Դաւիթ Բէկերու, Մխիթար Սպարապետներու  եւ Հայաստանի անկախութիւնը՝ Սարդարապատներ կերտած հերոսներուն սխրանքները:
Կիրակի, 4 Հոկտեմբերին, եւ նկատելէ ետք, որ քաղաքային շրջանները ռազմական գործողութիւններէ զերծ պահելու կոչերը՝ անտես կը մնան նախայարձակ կողմէն, արցախեան հրետանին առաջին անգամ ըլլալով հարուածեց Գանձակի զինուորական կարգ մը դիրքերը, սկսելով օդակայանէն, ուրկէ թռիչք կþառնեն յարձակման մասնակից օդակայաններն ու անօդաչու սաւառնակները: Արցախը նախազգուշացուց, որ կրնայ ի՛նք ալ ցաւցնող քայլերու դիմել, եւ Գանձակի տրուած հարուածը պէտք է նկատել միայն առաջին քայլ:  Հարուածին թիրախը խնամքով ընտրուած է. զինուորական յենակէտ, եւ ոչ թէ անմեղ քաղաքայիններ: Հոն ալ կը սաւառնին Սասունցի Դաւիթին եւ Թաթուլ Վանադնեցիին ոգիները…
* * *
Արցախի ճակատները ամուր են, որովհետեւ բանակը գիտէ, որ իր կողքին ունի պետութիւնը, քաղաքական բոլոր ուժերը՝ անխտիր, կը զգայ, որ ողջ հայութիւնը կը կանգնի իր թիկունքին՝ Արցախ-Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքեան մօտակայ եւ հեռաւոր օճախներ: Հայութիւնը դարձած է ժողովրդային բանակ, տարատեսակ օգնութիւններ կը հասցնէ ճակատ եւ վնասուողներուն:
Հայ Դատի սպասարկուները դիւանագիտական ցանցին համարժէք աշխատանք կը տանին՝ ռազմաճակատի ու պատմական իրականութիւնները հասանելի դարձնելու համար աշխարհին: Մամուլն ու տեղեկատուական միջոցները եւս լծուած են աշխատանքի՝ թրքական ծրագիրներն ու անոնց իրականացման լծուած վարձկանները մօտակայ եւ հեռաւոր աչքերու հասանելի դարձնելու ի խնդիր:
Հայութիւնը բաց ճակատով եւ արդար հպարտութեամբ կը շարունակէ ինքնապաշտպանական, հողի եւ իրաւունքի պաշտպանութեան ճակատամարտը, վճռած է ա՛յս անգամ ալ յաղթանակել, ինչպէս եղաւ Շուշիի եւ ընդհանրապէս Արցախի ազատագրման օրերուն, Ապրիլեան Պատերազմին, անոնց միջեւ ինկած ու 2016-էն ասդին մղուող մարտերուն:
* * *
Ռազմական գործողութիւններն ու անոնց ընկերացող քաղաքական զարգացումները՝ պետական ու քաղաքական-մամլոյ արձագանգներ՝ կլանած են հայկական ու միջազգային բեմերը: Մինսկի խմբակէն, ՄԱԿ-էն եւ եւրոպական ու արաբական բազմաթիւ երկիրներէ արձակուած կոչերը կը շարունակեն մնալ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ փակ ականջներուն դիմաց:
Բոլորին համար յստակ դարձած է, որ այս խաղին մէջ գլխաւոր դերակատարն ու շարժիչ ուժը նոյնինքն Թուրքիան է. մեզի՝ հայերուս համար, շատոնց յստակ է, որ այս երկու պետական միաւորներուն միջեւ տարբերութիւն տեսնելը պարզապէս ինքնախաբէութիւն է: Թուրքիա եւ Ատրպէյճան նոյն «պտուղին» երկու մասերն են, Թուրքիան՝ մեծ կտորը, Ատրպէյճանը՝ փոքրը: Անոնց նուաճողական ծրագիրները, իբրեւ սկզբնաղբիւր, ունին համաթուրանական այն հեռանկարները, որոնք ուրուագծուած էին Օսմանեան Կայսրութեան արեւամուտի օրերուն, ոճրային արարքներով կիրարկման դրուեցան սուլթանական, իթթիհատական եւ իբրեւ թէ հանրապետական վարչակարգերու կողմէ:
* * *
Եթէ Կովկասի մէկ փոքր անկիւնը կազմող Արցախը այսօր դարձած է կիզակէտը թուրք-ազերիական այս ծրագիրին, մեր յիշողութիւնը չէ բթացած, չտեսնելու համար, որ այս տարածքը միայն մէկ մասնիկն է Էրտողանի Թուրքիոյ կայսերական նորագոյն յաւակնութիւններուն, որոնք թիրախ ունին Թուրքիոյ դրացի եւ աւելի հեռուն ինկող երկիրներ:
Արագ թւում մը աւելորդ չէ, յիշեցնելու՝ որ Կիպրոսի հիւսիսային գօտիին գրաւումը մէկ մասնիկն էր այդ ծրագիրին, Սուրիոյ եւ Իրաքի հիւսիսային գօտիներէն հողեր խլելու փորձերը երէկ նոր փաստեր բերին, Լիպիոյ, Ծոցի եւ ափրիկեան այլ երկիրներու  մէջ «ոտք դնելու» իրականութիւնները նոյն ամբողջութեան տարբեր մասնիկներն են: Տակաւին, գաղթականներու ալիքներու ստեղծումն ու անոնց միջոցով՝ եւրոպական երկիրներ ճնշումի տակ առնելու քայլերը նոյն ծրագիրին տարբեր արտայայտութիւններն են, Յունաստանի, Լիբանանի եւ Կիպրոսի մէջ նորագոյն ոտնձգութիւնները տարբեր խորագիրի տակ չեն իյնար: Այա Սոֆիայի պարագան մանր ստորակէտ մըն էր…: Կարկինը կարելի է տարածել դէպի աշխարհի աւելի հեռակայ երկիրներ:
* * *
Թուրքիոյ ոճրային, բռնատիրական եւ նուաճողական քայլերը այսօր քիչ մը աւելի բացած են աշխարհի աչքերը (չենք հաւատար որ աչքերը գոց եղած են, սակայն այլ հաշիւներ մնացած են գերակշիռ, այսօր այդ հաշիւներէ՛ն իսկ կը թելադրուի աւելի լայն բանալ աչքերը…): Ֆրանսա, Արցախի մէջ նորագոյն բռնկումէն առաջ իսկ, արդէն ձայն կը բարձրացնէր յոխորտալից Էրտողանի Թուրքիոյ դէմ: Գերմանիոյ Մերքէլը որոշ հեռաւորութենէ կը հետեւի ֆրանսական դիրքորոշումին: ՆԱԹՕ-ի այլ անդամներ եւս սկսած են մտահոգուիլ թրքական ոտնձգութիւններով: Երանգային որոշ տարբերութեամբ, նոյնինքն Ռուսիա հաշտ աչքով չի դիտեր իր նորագիւտ գործակիցը: (Հաւանաբար դարակներուն մէջ պահ դրուած են Սուրիոյ վերեւ ռուսական օդանաւերու դէմ թրքական յարձակումները, դեսպանի մը օր ցերեկով սպանութիւնը, Սուրիոյ մէջ ռուսական եւ այլ զգուշացումներ անտես ձգելու թրքական ընթացքը): Միացեալ Նահանգներու պետական շրջանակներուն մէջ ալ մտահոգութիւնները սկսած են ակներեւ դառնալ ու ձայներ կը բարձրանան Թուրքիոյ դէմ: Կարելի չէ մոռնալ Իրանը: Հոս ալ շարքը կարելի է երկարել:
Լուծո՞ւմը:
Արցախի ռազմական գործողութեանց լոյսին տակ, խաղաղութեան, զինադուլի եւ բանակցային սեղան վերադառնալու կոչերը իրարու հետ մրցումի մէջ են: Հայաստան բացայայտ դարձուցած է, որ ինք բանակցութենէ երես դարձնողը չէ, այլ նախայարձակնե՛րն են այդ սեղանը այրել փորձողը: Կը սպասէ, որ աշխարհը նախ դատապարտէ, յետոյ նաեւ պատժամիջոցներ որդեգրէ Օրէնքը եւ Իրաւունքը ոտնակոխողին դէմ: Ինչպէս նշեցինք՝ համապատասխան արձագանգներ սկսած են լսուիլ:
Այս բոլորը՝ արդար, տեղին եւ շատ բարի, սակայն այսքանը բաւարար չէ. հասած է պահը, երբ մեր ակնարկները պէտք է սեւեռենք աւելի հեռուն, մտածենք «մեծերու քաղաքականութեան» տրամաբանութեամբ, մտնենք այդ ոլորտը: Ինչպէ՞ս:
100 տարի առաջ, աշխարհը օր մը լուրջ հաշիւի նստաւ Թուրքիոյ հետ: Օսմանեան կայսրութիւնը նախորդ տասնամեակներուն արդարօրէն շահած էր «հիւանդ մարդը» որակումը: Պերլինի ու Սան Սթեֆանոյի, նաեւ զանոնք կանխող ու անոնց յաջորդած համաձայնագիրներու եւ դաշնագիրներու հանգրուաններուն, աշխարհի մեծ ու նուազ մեծ ուժերը որոշ հանդուրժողութեամբ վարուած էին «հիւանդ մարդ»ուն հետ, մի՛շտ մեկնելով իրենց հաշիւներէն, չէին զլացած դատապարտանքի խօսքեր: Ա. Աշխարհամարտի աւարտին, աշխարհը ի վերջոյ անդրադարձաւ, որ ժամանակաւոր ու մասնակի՝ կիսատ-պռատ դեղատոմսերը, դատապարտանքի կոչերը այլեւս ի զօրու չեն: Որոշեց առնել վիրահատութեան վճռական քայլը: Թուրքիա վիրահատուեցաւ՝ համաձայն այդ օրերու իրականութիւններուն: Օսմանեան ծաւալուն կայսրութիւնը (կամ ինչ որ մնացած էր անկէ) նոր մկրատումներու ենթարկուեցաւ, երկիրներ դարձան անկախ (մէկն ալ Հայաստանը), ազդեցութեան նոր գօտիներ ձեւաւորուեցան: Երկար ատեն, աշխարհը համեմատաբար աւելի հանգիստ տեղ մը դարձաւ Թուրքիոյ ստեղծած մտահոգութեանց առումով, ձերբազատելէ ետք ախտաւոր Թուրքիայէն (այլ մրցակցութիւններ եւ հաշիւներ շարունակեցին նոր տագնապներ ու պատերազմներ նուիրել մարդկութեան, նաեւ վերարժեւորեցին… «հիւանդ մարդը»):
Այսօր, Թուրքիա ժամանակակից աշխարհի՛ն «հիւանդ մարդ»ն է: Ան հիւանդ է ներքնապէս (մամուլի եւ ընդդիմադիրներու բռնադատում, փոքրամասնութեանց ճնշում, հալածանքներ, ժողովրդավարութեան մորթոտում…): Արտաքին ճակատի վրայ եւս, շատո՜նց շոգիացած է «դրացիներուն հետ զեռօ հարց»ի քաղաքականութիւնը, աւելի՛ն, հարցեր ունենալու գօտին հասած է Եւրոպա, արաբական աշխարհի եւ Ափրիկէի բազմաթիւ կայքեր: Ուրեմն, ժամանակն է, որ աշխարհը անգամ մը եւս դիմէ վիրահատութեան, նոր Սեւր մը պարտադրէ Թուրքիոյ, Սեւր մը՝ որմէ չի կրնար զերծ մնալ անոր զինակից-դաւադրակից Ատրպէյճանը: Մէկ խօսքով, Թուրքիան ու անոր դաւադրակից Ատրպէյճանը լոկ դատապարտելու եւ զանոնք խաղաղութեան սեղանին բերելու ճիգերուն ժամանակը անցած պէտք է նկատել: (Քանի մը ամիս ետք պիտի նշուին նաեւ Մոսկուայի եւ Կարսի համաձայնագիրներուն դարադարձերը…):
Աշխարհը պէտք է տեսնէ՛, որ Թուրքիան տարբաղադրելու զանգը հնչած է, որպէսզի թէ՛ դրացիները եւ թէ մօտական եւ հեռակայ երկիրներ կարենան աւելի հանգիստ շնչել, որովհետեւ շահակցական ու մրցակցական արշաւները մի՛շտ ալ կարելի է պահել խաղաղութեան դաշտին մէջ:
* * *
Թուրքիան տարբաղադրելու նման կոչ՝ հաւանաբար շատերու կողմէ դիտուի իբրեւ անիրապաշտ, ցնորական կամ երազային: Եւ մարդս կրնայ հազար փաստ ու պատճառաբանութիւն շարել, թէ ռազմաքաղաքական ու դաշնակցային-շահակցական ինչպիսի՜ գործօններ արգելք են Թուրքիոյ (հետեւաբար նաեւ Ատրպէյճանի)  տարբաղադրումին, զանոնք իրենց «տեղը նստեցնելու» հարկադրանքին: Սակայն եթէ պահ մը մեր աչքերը տանինք քիչ մը ետ, կրնանք տեսնել, որ նման բաժանում ո՛չ միայն կարելի է, այլ հրամայականօրէն՝ օգտակար: Նման քայլեր կը բխին ժողովուրդներու եւ երկիրներու, աշխարհի՛ բարիքէն: Չմոռնանք, որ թրքական վարքագիծը, ծայրայեղական վարձկաններով ոճիրներ տարածելու փաստացի քայլերը կը պատուհասեն ամբողջ աշխարհը, եւ ո՛չ միայն հայութիւնը, որ 105 տարի առաջ եղաւ մեծագոյն զոհերէն՝ Ցեղասպանութեան ճամբով:
Շուրջ 30 տարի առաջ, ժողովուրդներու կամքն ու անոնց սպասած բարիքը պատճառ դարձան, որ Չեխոսլովաքիան խաղաղօրէն բաժնուի երկուքի: Հզօր Թիթոյի Եուկոսլաւիան չկրցաւ նոյնը ընել, այլ անոր տարբաղադրումը՝ համաձայն զինք բաղկացնող ժողովուրդներուն եւ շրջաններուն կամքին, անցաւ արեան ու աւերումի ծովերէ, սակայն այսօր, նախկին Եուկոսլաւիոյ պատերազմը դառն յիշատակներով կը մնայ Եւրոպայի ու աշխարհի յիշողութեան մէջ (բոլոր հարցերը չեն լուծուած, սակայն պատերազմն ու անոր անմիջական հետքերը կը մնան բոլորին ետին): Սուտանի բաժանումը ունեցաւ իր ողբերգական պատմութիւնը (մասամբ կը շարունակուի այսօր): Անգլիա-Սկովտիա-Իրլանտաներ տարածքին մէջ, այլապէս կերտուած է խաղաղ լուծումի տանող պատմութիւն՝ իր արիւնալի եւ մրցակցական երեսներով: Զուիցերիա մը կամ Պելճիքա մը, հակառակ տարաբնոյթ իրենց ժողովուրդներուն, շատոնց գտած են խաղաղ գոյատեւելու եւ գոյակցելու տարազները, որոնք փորձաքարի ալ զարնուած են Բ. Աշխարհամարտին պէս հսկայ փոթորիկներու ճամբով:
Բաժանումներուն դիմաց, եւ մի՛շտ տուեալ ժողովուրդներու կամքին իբրեւ արտայայտութիւն՝ Գերմանիոյ երկու կէսերը վերամիացած են: Ֆրանսայի Ալզասն ու Լորէնը դադրած են կռուախնձոր ըլլալէ եւ կը պատկանին իրաւատիրոջ՝ Ֆրանսային: Աշխարհը այսօր կը ճանչնայ միայն մէկ Վիեթնամ: Վաղը, Քորէաները եւս կրնան վերամիանալ, Չինաստանի եւ Հոնկ Քոնկի վերամիացումն ալ կրնայ գտնել լուծման տարազ մը (եթէ արտաքին միջամտութիւնները վերջ տան խափանումին): Հոս ալ ցանկը կրնանք տարածել:
Ու եթէ աշխարհը տեղ մը կը հաւատայ Արդարութեան եւ Ժողովուրդներու Ինքնորոշման Իրաւունքին, Թուրքիոյ ու Ատրպէյճաին տարանջատումը չի կրնար տարբեր ճամբայ բռնել: Հայաստանէն ու Արցախէն բացի, Յունաստանը, Կիպրոսը, քիւրտերը, Սուրիան եւ Իրաքը առնելիքներ ունին Թուրքիայէն, նմանապէս Թալիշները, Լազերն ու այլ փոքրամասնութիւններ՝ Ատրպէյճանէն: Յարգելով այս բոլորին կամքը, աշխարհը ո՛չ միայն աւելի՛ արդար ընթաք պիտի որդեգրէ, այլ ինքզինք պիտի ձերբազատէ թուրք-ազերի «հիւանդ մարդ»էն, համաթուրանական ախտը տարածող՝ ոճրածին նոր կայսրութեան մը ծրագիրը հետապնդողներէն:
* * *
…Ամիսներ առաջ, Փետրուարի վերջերուն, այս սիւնակներով արծարծած էինք Թուրքիոյ տարանջատման հեռանկարը: Կը կարծենք, որ եթէ պահը այսօր աւելի՛ մօտ է (եւ հակառակ իրողական հաշիւներու եւ դաշնակցային պատկերներու), Հայաստան եւ հայութեան «համացանցը» պէտք է առանցքային գործ տեսնեն՝ Թուրքիայէն մեծ ու փոքր վնասուողները համախմբելու մէջ: Արցախի վրայ աւելի քան մէկ շաբաթէ ի վեր շարունակուող պետական ոճիրները Հայաստանին ու հայութեան կու տան այդ իրաւունքը, կանաչ լոյսը: (Չենք արհամարհեր այն իրականութիւնը, որ որոշ ուժեր կրնան միայն լռելեայն կերպով համակարծիք ըլլալ նման ծրագիրի, որովհետեւ իրենք ալ ունին ներքին «լարուած ականներ»): Փաստօրէն, բանակցային ուղին քանդելու այս արարքը վերջնականապէս այրած է «Արցախի հարցին լուծումը պէտք է իրականանայ Հայաստանի, Արցախի ու Ազերի ժողովուրդներուն համախոհութեամբ», կամ՝ Թուրքիան իբրեւ խաղաղարար կողմ՝ բանակցութեան սեղանին բերելու եւ այլ խաղաթուղթեր, ինչպէս որ այսօր վերջնականապէս այրած են Փրոթոգոլները…
Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի տարանջատումը (անխուսափելի, եւ որքան կանուխ՝ այդքան լաւ) խաղաղութիւն եւ բարիք կը խոստանայ ո՛չ միայն հայութեան, այլ ամբողջ Միջին Արեւելքին ու Կովկասին, Եւրոպային ու աշխարհին, որովհետեւ, կրկնելու գնով արձանագրենք՝ անոնց ընթացքը մի՛շտ եղած է պատուհասաբեր՝ արդարութեան, ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ նոյնինքն մարդկութեան համար:
Սարգիս Մահսերէճեան