Երեքշաբթի, 13 Հոկտեմբեր 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ այցելեց Լաթաքիոյ հիւսիսային արուարձանի Պալլորան գիւղը, ստուգելու համար գիւղին իրավիճակը հրդեհէն ետք։ Ասատ իրազեկ դարձաւ բնակիչներուն պահանջներուն։ Անոնք խնդրեցին նախնական կարիքներու ապահովում, որպէսզի կարելիութեան սահմաններուն մէջ ամենամօտ ժամանակուան մէջ վերականգնեն իրենց գիւղատնտեսական հողատարածքները։ Ասատ շարունակեց իր շրջագայութիւնը Պալլորան գիւղին եւ անոր յարակից գիւղերուն մէջ՝ ընկերակցութեամբ Սուրիոյ գիւղատնտեսութեան նախարարին, կենսոլորտի եւ ինքնակառավարման նախարարին, ինչպէս նաեւ Լաթաքիոյ նահանգի գիւղատնտեսութեան տնօրէնութեան։ Ասատ շեշտեց, որ սուրիական պետութիւնը յանձն պիտի առնէ հրդեհներուն հետեւանքով վնասուած ընտանիքներուն նիւթական օժանդութիւն տրամադրելը, որպէսզի վերականգնեն իրենց վնասուած հողատարածքները եւ կառչած մնան իրենց հողերուն։