«Արմէնփրէս».- Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան փրկարար ուժերու վարչութեան ականազերծման խումբերը կը շարունակեն չպայթած ռումբերու եւ ականներու որոնումը, միաժամանակ անոնց վնասազերծման աշխատանքները: Միայն Ստեփանակերտի մէջ արդէն յայտնաբերուած են թրքական եւ իսրայէլական արտադրութեան հրթիռային, հարուածային եւ քասեթային շուրջ 673 ռումբ:
Ծառայութեան տնօրէն գնդապետ Կարէն Սարգսեանի յանձնարարականով` չպայթած զէնք-զինամթերքը սաականազերծները տեղափոխած են մայրաքաղաքէն դուրս` անվտանգ վայր եւ ոչնչացուցած են: