«Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ տարածքին արգելափակուած են ՀՀ շարք մը պետական կառոյցներու պաշտօնական կայքերը: Ըստ թրքական մամուլին մէջ յայտնուած հրապարակումներուն, արգելափակուած են, մասնաւորապէս, ՀՀ նախագահի, կառավարութեան ու բոլոր նախարարութիւններուն կայքերը:
Յիշուած է, որ Թուրքիոյ տարածքէն նշեալ կայքեր մուտք գործել փորձելու ատեն պաստառին վրայ յայտնուած է «արգելափակուած երկիր (Հայաստան)» գրութիւնը: